
ԼԱ ՔՐԵՍԵՆԹԱ.- Մեկնելով Ազգ. երեսփոխանական ժողովի տրամադրութիւններէն՝ առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի եւ Ազգային վարչութեան հրաւէրով, անցեալ տարի Ազգ. առաջնորդարանէն ներս կեանքի կոչուեցաւ յանձնախումբ մը, հայախօսութեան եւ հայերէնի գրաւոր գործածութեան վերաշխուժացման նպատակով սերտողական աշխատանքի ձեռնարկելու համար։ Յանձնախումբը իր առաջին ժողովը գումարեց Մայիս 1, 2013ին։
Յաջորդական քանի մը հանդիպումներով, յանձնախումբը որդեգրեց այն սկզբունքը, որ կը շեշտադրէր, թէ հայերէնի բանաւոր եւ գրաւոր գործածութենէն խուսափումը համազօր է նահանջի։ Հայերէն հաղորդակցիլն ու հայերէնի իմացութիւնը կենսական են հայկականութեան ու պատկանելիութեան գոյատեւման։ Առ այս, համատարած մտահոգութիւններուն ի պատասխան, անհրաժեշտ է դարմաններ գտնել եւ այս յոյժ կարեւոր առաջադրանքը իրականացնել։ Յանձնախումբը նախաձեռնեց ուղղութեան մը, որ կը միտէր գիտական մօտեցումով՝ ուսումնասիրութեանց եւ վիճակագրական տուեալներու հիմամբ, կատարել ախտաճանաչում, մշակել ռազմավարական ընդհանուր ծրագիր, հեռահաս տեսլականով, իր ճշդուած առաքելութեամբ, ընդհանուր նպատակներով եւ գործնական լուծումներով անցնիլ շօշափելի քայլերու, եւ հրահրել ապակեդրոնացած շարժում մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն հայկական կեանքի բոլոր միաւորները՝ դպրոց, եկեղեցի, միութիւններ, կուսակցութիւններ եւ մամուլ, ինչպէս նաեւ լեզուով նախանձախնդիր անհատներ։
Առաջնորդ Մարտիրոսեանն ու Ազգային վարչութիւնը կը յայտարարեն, որ նշեալ յանձնախումբը պիտի շարունակէ իր աշխատանքը իբրեւ մնայուն մարմին, Ազգ. առաջնորդարանիս հովանիին տակ՝ «Հայերէնի վերաշխուժացման մարմին» անունով։
Յանձնախումբի անդամներն են՝ դոկտ. Յարութիւն Արմէնեան, դոկտ. Յակոբ Կիւլլիւճեան, Սարգիս Մահսէրէճեան, Ժորա Մանուչարեան, Վազգէն Մատէնլեան, դոկտ. Դալար Շահինեան-Մահրուքեան, դոկտ. Վահրամ Շեմմասեան, դոկտ. Յասմիկ Պարան եւ դոկտ. Ռուբինա Փիրումեան։
Comments 1