ՍԱՔՐԱՄԵՆԹՕ.- Արեւ-մտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ անցեալ շաբթուան ընթացքին, Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի անդամներ Ատրին Նազարեան եւ Խաչօ Աշաճեան խորհրդարանին ներկայացուցին Հայկական Ցեղասպանութեան դասաւանդման բանաձեւը՝ թիւ 1915, որ կոչ կ՛ընէ նահանգային վարժարաններու 7-12 դասարաններուն համար Հայկական Ցեղասպանութեան դասաւանդումը ընդարձակելու:
Բանաձեւը նաեւ կը պահանջէ նահանգի կրթական բաժանմունքէն, որ Հայկական Ցեղասպանութեան դասաւանդութեան նիւթեր պատրաստէ:
Ներկայիս Քալիֆորնիան մէկն է Միացեալ Նահանգներու այն 11 նահանգներէն, ուր Հայկական Ցեղասպանութեան դասանիւթը արդէն իսկ կը դասաւանդուի:
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի օրէնսդրական հարցերու վարիչ Հայկ Պաղտասարեան կը յայտնէ, թէ հակառակ այն իրողութեան, որ Ցեղասպանութեան դասաւանդումը նահանգի պաշտօնական դասանիւթերու ցանկին վրայ կը գտնուի, ցարդ բաւարար թիւով դպրոցներ չեն դասաւանդեր զայն եւ այդ պատճառով ալ որոշուած է այս բանաձեւին դիմել: Այս առթիւ, ան շնորհակալութիւն կը յայտնէ Նազարեանին եւ Աշաճեանին, որոնք ստանձնած են սոյն աշխատանքը:
Թիւ 1915 բանաձեւը կու գայ միանալու անցեալ տարի ներկայացուած թիւ 659 բանաձեւին, որ կոչ կ՛ընէր Հայկական Ցեղասպանութեան դասաւանդումներուն մէջ նկատի առնելու նաեւ վերապրողներու բանաւոր պատմութիւնները:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.