Նախագահութեամբ եւ ներկայութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին, Կիրակի, Փետրուար 23ին, Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարանի 25ամեակը մեծ շուքով նշուեցաւ «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» մարզամշակութային սրահին մէջ:
Ձեռնարկին առաջին խօսք առնողն էր Ճեմարանի տնօրէն Տիգրան Ճինպաշեան, որ 83ամեայ Հայ ճեմարանէն մինչեւ ներկայի Ճեմարանը երկարող ժամանակաշրջանի ամփոփ պատմականը կատարեց: Իր խօսքէն ետք Ճինպաշեան պարգեւատրեց այն ուսուցիչները, որոնք 1988էն ի վեր կը ծառայեն դպրոցին մէջ: Պարգեւատրումէն ետք տեսաերիզի մը ճամբով իրենց վկայութիւնները տուին Ճեմարանի շրջանաւարտներ Վազգէն Տէր Գալուստեան, Յարութիւն Արմէնեան, Հուրի Սուրուզեան եւ Կարօ Արմէնեան:
Ապա Ճեմարանի 25ամեակը ողջունեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեան, որ ըսաւ, թէ հայրենիքը բարձր կը գնահատէ այն բազմածաւալ գործունէութիւնը, որ կը կատարուի այս դպրոցին մէջ՝ հայեցի դաստիարակութեան առումով:
Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան խօսքը փոխանցեց ատենապետ Վաչէ Փափազեան: Ան հաստատեց, որ կարելի չէ Ճեմարանի նման բարդ ուսումնական ծրագիր ունեցող մեծ վարժարանի մը երթը անխափան պահել, կրթական մեծ իրագործումներ ձեռք բերել՝ առանց ուսուցչական կազմին եւ տնօրէնութեան հսկայական ներդրումներուն ու նուիրումին՝ յատուկ կերպով առանձնացնելով 1965էն ի վեր Ճեմարանին մէջ նախ իբրեւ ուսուցիչ, իսկ 2001էն մինչեւ օրս իբրեւ տնօրէն ծառայած Տիգրան Ճինպաշեանը, որ նաեւ Ճեմարանի փայլուն շրջանաւարտներէն է: Վ. Փափազեան յայտարարեց, որ այս առիթով, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութիւնը որոշած է Տիգրան Ճինպաշեանին շնորհել գնահատանքի եւ երախտագիտութեան Համազգայինի շքանշանը: Տիգրան Ճինպաշեան բեմ բարձրանալով ստացաւ շքանշանը՝ յայտարարելով, որ անիկա պարտաւորեցնող է, ուստի խոստացաւ Ճեմարանի կեանքին մէջ նորութիւն բերել:
Ձեռնարկի աւարտին իր հայրապետական պատգամը փոխանցեց Արամ Ա. կաթողիկոս: Ան ողջունեց բոլոր բարեկամներն ու բարերարները, որոնք մասնակից դարձած են եւ կը շարունակեն մասնակից ըլլալ կարեւոր առաքելութիւն ծաւալող Ճեմարանի գործունէութեան: Այս առիթով վեհափառը երկու յիշեցում-հաստատում կատարեց: Նախ եւ առաջ հաստատեց, թէ Ճեմարանը սովորական դպրոց մը չեղաւ, եղաւ ու մնաց ոգի, ազգային արժէքները, ձգտումներն ու աւանդութիւնները վաւերական կերպով պահող, հարստացնող ու արտայայտող՝ անցնելով դասագիրք ու շէնք ըլլալու սովորական սահմանը եւ ըլլալով հայու ճշմարիտ տեսիլ: «Ճեմարանը եղաւ այն կառոյցը, ուր ազատ, անկախ Հայաստանի երազով, ձգտումով եւ տեսիլքով կերտուեցան սերունդներ: Ազատ, անկախ Հայաստանի ոգիին ու տեսիլքին հաւատարիմ, ինչպէս անցեալին, այսօր եւս նոյն յանձնառութեամբ, Ճեմարանը պէտք է շարունակէ իր առաքելութիւնը», ըսաւ վեհափառը:
Երկրորդ հերթին՝ վեհափառը ըսաւ, թէ երբ հայ դպրոցին մասին խօսինք, կը բնութագրենք անոր առաքելութիւնը իբրեւ հայակերտում: Ան աւելցուց, որ հայ դպրոցին կողքին հայ եկեղեցին եւ հայ ընտանիքը իրենց դերը ունին հայակերտումը իր լրումին հասցնելու մէջ: «Այսօր մեր դպրոցներուն մէջ այս համապարփակ մօտեցումով մենք պէտք է մօտենանք հայ դպրոցին. այսպէս եղած է հայ դպրոցը մեր պատմութեան ընթացքին, մեր հոգեւոր-մշակութային ու ազգային արժէքներու ներդաշնակ ամբողջութիւնը: Հետեւաբար, Ճեմարանը նոյն այս ոգիով ու յանձնառութեամբ պէտք է շարունակէ իր հայակերտումի առաքելութիւնը», հաստատեց ան:
Արսլանեան ընտանիքին նախաձեռնութեան անդրադառնալով՝ վեհափառ հայրապետը ըսաւ, որ դպրոց շինելը աստուածահաճոյ գործ է, որովհետեւ հայ դպրոցը սոսկ ուսումնարան չէ, այլ սրբարան է՝ քրիստոնեայ հայը պատրաստող: Այս առիթով, ան գնահատեց Արսլանեան ընտանիքի վերջին նուիրատուութիւնը՝ շեշտելով, որ ազգին օժանդակելով՝ ազգը կը հզօրանայ, իսկ անոր ընդմէջէն մենք կը հզօրանանք:
Արամ Ա. կաթողիկոս լիբանանահայութեան մասին խօսելով հաստատեց, որ անիկա կը մնայ կենսունակ, փաստ՝ Ճեմարանի ընդարձակումն ու հզօրացումը, Պուրճ Համուտի մէջ հիմնադրութիւնը Ազգային Միացեալ վարժարանին: «Լիբանանահայութիւնը ո՛չ թէ խօսքով, այլ գործով կու գայ ցոյց տալու, թէ աւելի քան երբեք ան կը մնայ սիրտը սփիւռքահայութեան: Արդ, նոյն ոգիով, նոյն առաքելութեան գիտակցութեամբ մենք պիտի շարունակենք մեր աշխատանքը: Պատիւ բոլոր անոնց, որոնք նիւթապէս, բարոյապէս, ամէն իմաստով զօրակից ու գործակից կը դառնան լիբանանահայութեան», ըսաւ վեհափառը:
Այս առիթով, իբրեւ գնահատանքի շօշափելի արտայայտութիւն՝ Արամ Ա. կաթողիկոս Ռաֆֆի Արսլանեանը պարգեւատրեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ասպետի շքանշանով:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.