ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Պոլսոյ յոյն համայնքը դատ բացաւ, որպէսզի կառավարութիւնը վերադարձնէ յունական այն երեք եկեղեցիներն ու եկեղեցիներուն կտակուած կալուածները, որոնք յանձնուած էին «Թուրք ուղղափառ պատրիարքարան»ին։ Թուրք ուղղափառ պատրիարքարանին յանձնուած էին երեք եկեղեցիներ եւ բազմաթիւ կալուածներ։ Յոյները կը յայտնեն, թէ Թուրք ուղղափառ պատրիարքարանը համայնք չունի եւ ո՛չ մէկ ուղղափառ եկեղեցւոյ կողմէ ճանաչում գտած է:
Յունապատկան կալուածներու վերադարձը ապահովելու համար, կառավարութեան դէմ դատ բանալու պաշտօնը յանձնուած է փաստաբան Հիւլիա Պենլիսոյի, որ իր կարգին յայտնեց, թէ առաջին հերթին դատ բացած է երեք եկեղեցիներուն վերադարձը ապահովելու համար, որմէ ետք միայն դատ պիտի բանայ եկեղեցւոյ կտակուած կալուածները պահանջելու համար։ «Կալուածներու եկամուտներով կը զբաղի Թուրք ուղղափառ պատրիարքարանի բանբեր Սեւկի Էրեներօլի ընտանիքը։ Այս ընտանիքը կը շահագործէ եկամուտները։ Չեմ գիտեր, թէ ի՛նչ համեմատութիւններու կը հասնի այդ կալուածներէն ձեռք բերուած եկամուտը», կ՛ըսէ Պենլիսոյ։
Նշենք, որ Էրեներոլ «Էրկենեքոն»ի դատավարութիւններուն ընթացքին ցկեանս բանտարկութեան դատապարտուեցաւ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.