ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Ինչպէս հաղորդած էինք, Թուրքիոյ խորհրդարանը վաւերացուցած էր նոր օրէնք մը, որ կը խստացնէ համացանցի հսկողութիւնը եւ Հեռահաղորդակցութեան ծառայութեան նախագահութեան իրաւունք կու տայ կասեցնելու համացանցային կայքերն ու էջերը՝ առանց դատարանի որոշումին: Նոր օրէնքը քննադատութիւններով դիմաւորուեցաւ եւրոպական կառոյցներու կողմէ։ Եւրոխորհրդարանի նախագահ Մարթին Շուլց յայտարարեց, որ այս որոշումը ետքայլ մըն է մամլոյ ազատութեան տեսակետէն, իսկ Եւրոմիութեան ընդարձակման ջանքերու պատասխանատու Շթեֆան Ֆիւլէ դիտել տուաւ, որ համացանցի օրէնքը լուրջ մտահոգութիւններ կը ստեղծէ՝ կոչ ընելով, որ աւելի թափանցիկ ու աւելի քիչ սահմանափակումներով լրատուութիւն ապահովուի:
«Օրէնքը իր ներկայ ձեւին մէջ խօսքի ազատութեան դէմ շարք մը սահմանափակումներ կը պարտադրէ: Թուրքիա Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան թեկնածու է, ուստի պէտք է այս օրէնքը վերատեսութեան ենթարկել՝ զայն եւրոպական չափանիշներու համահունչ դարձնելու համար», ըսաւ Եւրոյանձնաժողովի բանբեր Փիթըր Սթանօ:
Միջազգային մամուլը եւս անդրադարձաւ այս օրէնքին։ «Ռոյթըրզ» ուշագրաւ նկատեց այն, որ օրէնքը վաւերացուած է «մեծ կաշառք» գայթակղութենէն անմիջապէս ետք, իսկ «Պի.Պի.Սի.» հաղորդեց, որ նոր օրէնքով կառավարութիւնը պիտի սաստկացնէ համացանցի վրայ իր հսկողութիւնը՝ յիշեցնելով, որ վարչապետ Էրտողան նախապէս ընկերային ցանցերու համար գործածած էր «գլխու փորձանք» արտայայտութիւնը։ Եւրոմիութեան անդամ երկիրներէ կարգ մը դեսպաններ եւս անձնապէս հանդիպում ունեցան Եւրոմիութեան աւագ բանագնաց նախարար Մեւլուտ Չաւուշօղլուի հետ եւ անոր փոխանցեցին իրենց մտահոգութիւնները։
Թուրքիոյ ընդդիմութեան կարծիքով՝ այս օրէնքը գրաքննութիւն կատարելու ձեւ է:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.