
ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր», «Նիուզ», «Արմէնփրէս».– ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներուն 5 Փետրուարի երեւանեան աշխատանքային այցելութիւնը սովորական չանցաւ: Արտաքին գործոց նախարարութեան մուտքին անոնք դիմաւորուեցան խումբ մը երիտասարդներու կողմէ, որոնք իրենց դժգոհութիւնը կը յայտնէին հայ–ատրպէյճանական սահմանին վրայ տեղի ունեցող միջադէպերուն գծով ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներուն չէզոք դիրքորոշման առնչութեամբ:
Երիտասարդները համանախագահներէն կը պահանջէին վերջ տալ կեղծ հաւասարութեան քաղաքականութեան եւ համապատասխան գնահատական տալ Ատրպէյճանի կողմէ սանձազերծուող յարձակողական քայլերուն։
ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական եւ ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական միութիւններու անդամները ժամը 11:30էն համախմբուած էին նախարարութեան շէնքին մուտքին. երբ ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի համանախագահներ Իկոր Փոփովը (Ռուսիա), Ժագ Ֆորը (Ֆրանսա) եւ Ճէյմզ Ուորլիքը (Միացեալ Նահանգներ), ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ, դեսպան Անճէյ Քասփըրչիքը մօտեցան շէնքին՝ անոնք սկսան բացագանչելու. «Ո՛չ կեղծաւոր քաղաքականութեանը», «Ո՛չ երկակի ստանդարտներին»։
Ցոյցին մասնակիցները նաեւ բարձրացուցած էին համանախագահներուն մայրենի լեզուներով (անգլերէն, ռուսերէն, ֆրանսերէն) «Ո՛չ անարդար քաղաքականութեան, որ կը սատարէ Ատրպէյճանի յարձակողականութեան» գրութեամբ պաստառներ:
Մինչ այդ, համանախագահներուն ժամանումէն առաջ ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութեան վարչութեան ատենապետ Գերասիմ Վարդանեան յայտարարեց, որ Ղարաբաղեան հակամարտութեան կողմերը հաւասարապէս մեղադրելու համանախագահներուն դիրքորոշումը ոչ թէ խաղաղութեան գործընթացին կը նպաստէ, այլեւ՝ Ատրպէյճանի ռազմատենչ յայտարարութիւններուն:
«Եկել ենք ասելու, որ հաւասարութեան նշան չդնեն սահմանագծին Ադրբեջանի եւ Հայաստանի գործողութիւնների մէջ», յայտնեց ան:
«Նիկոլ Աղբալեան» միութիւնը նաեւ կոչ ուղղած էր քաղաքական տարբեր կուսակցութիւններու երիտասարդական միութիւններուն՝ անկախ քաղաքական դիրքորոշումէն եւ մօտեցումներէն, միանալու իրենց բողոքի ցոյցին եւ միասնական դիրքորոշում արտայայտելու ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներուն կեցուածքի վերաբերեալ:
Ըստ «Նիուզ»ի՝ քաղաքական ոչ մէկ այլ կուսակցութեան ներկայացուցիչներ մասնակից էին ցոյցին։
«Արմէնփրէս»ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ցոյցի կազմակերպիչ ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» միութեան անդամները դիտել տուին, որ իրենք եկած են իրենց բողոքը արտայայտելու՝ համանախագահներուն մօտեցումներուն առնչութեամբ։ «Սահմանին ան-ընդհատ հնչում են կրակոցներ: Ադրբեջանական կողմը խախտում է հրադադարի ռեժիմը, հրաժարւում է հեռացնել դիպուկահարներին սահմանից, մինչդեռ համանախագահները, ովքեր կոչուած են խնդիրը կարգաւորել խաղաղ բանակցային ճանապարհով, համահարթեցման քաղաքականութիւն են տանում եւ ագրեսորին սաստելու փոխարէն կողմերին կոչ անում պահպանել զսպուածութիւն», նշած են անոնք:
Մէկ բան անհասկանալի է, եթէ մենք կռուելով ազատագրել ենք մեր հողերը, ինչ բանակցութիւնների պէտք ունենք Ազէրիների հետ: Բանակցում ենք որ վերադարձնե՞նք, ապա ինչու կռուեցինք, ինչու 8 հազար զոհ տւեցինք: Իսկ այսօր էլ ցոյց ենք կատարում թէ ձեր բանակցութիւնների մէջ ներառէք Ազէրիների յարձակումները: Թուրքը գրաւեց Կիպրոսի կէսը և հարցը փակեց: Մենք մինչև երբ զիջողի քաղաքականութիւն պիտի վարենք: հայաստանը մէկ անգամ և ընդմիշտ պէտք է ճանաչի Արցախի անկախութիւնը և արտաքին քաղաքականութիւն վարի ճանաչեցնել տայ օտար երկրներին: