ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Ուրբաթ, Յունուար 31ին, մեծ թիւով ամերիկահայ ղեկավարներ հաւաքուեցան Հարաւային Քալիֆորնիա, մասնակցելու համար Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի դրամահաւաքի մեկնարկին:
Ամերիկահայութիւնը քաղաքական աւելի ազդու ներկայութեան մը վերածելու, Հայաստանի ապահովութիւնը երաշխաւորելու եւ Հայ Դատի գործունէութիւնը առաջ մղելու

աշխատանքները ընդարձակելու նպատակով կազմակերպուող ու Յունիս 1ին պատկերասփռուելիք դրամահաւաքը աւելի արդիւնաբեր դարձնելու համար, ծրագրուած են շարք մը աշխատանքներ ու համացանցային ընկերային ցանցերու միջոցաւ արշաւներ:
Վեցժամեայ սոյն դրամահաւաքի մեկնարկին ներկայ էին Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի հիմնադրամի ատենապետ Քեն Խաչիկեան, ինչպէս նաեւ Հայ Դատի «2014ի թելեթոն»ի յանձնախումբի ատենապետ Սթիւ Արթինեան, Արեւելեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան անդամ Ճաշուա Թեւեքելեան եւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան ատենապետ իրաւաբան Նորա Յովսէփեան, որոնք խօսեցան սոյն ծրագիրի կարեւորութեան մասին:
Կլենտէյլի «Գրիգոր եւ Մարիամ Գարամանուկեան» երիտասարդական կեդրոնին մէջ կայացած սոյն մեկնարկին, տեղեկութիւններ փոխանցուեցան դրամահաւաքիպատկերասփռումի տարածքներուն, անոր ընթացքին ցուցադրուելիք յայտագիրներուն եւ համայնքի մասնակցութիւնը առաւելագոյն ու աննախընթաց մակարդակի հասցնելու նպատակով տարուող նորարարական ջանքերուն մասին:
«Մինչ Անգարա 2015ի սեմին կը սաստկացնէ իր ուրացման քարոզարշաւը եւ Պաքու կը սաստկացնէ Հայաստանի եւ Արցախի վրայ յարձակումները, Հայաստանի հայութեան կողքին կանգնելու հրամայականը աւելի՛ կենսական կը դառնայ: Մենք հայ ժողովուրդին երկրորդ բանակն ենք եւ շարք մը պարագաներու՝ կը գտնուինք հայ ազգը պաշտպանելու ճակատի առաջին գիծին վրայ», յայտնեց Քեն Խաչիկեան:

Դրամահաւաքը պիտի ցուցադրուի շարք մը կայաններէ ու www.ancatelethon.org կայքէն, կ.ե. ժամը 3էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 9 (Խաղաղականի ժամով):
«Քաջալերուած ենք մեկնարկին խանդավառ մասնակիցներով, որոնք կու գային համայնքին տարբեր կազմակերպութիւններէն: Անոնք կը հաւատան Հայաստանը հզօրացնելու եւ մեր ազգային ժառանգութիւնը պահպանելու տեսլականին, որուն համար Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին հզօրացումը եւ մեր համայնքին ու Դատին ձայնը լսելի դարձնելու ջանքերը շատ կարեւոր են», ըսաւ Սթիւ Արթինեան:
Ձեռնարկին ընթացքին նաեւ տեղի ունեցաւ դրամահաւաքի խորհրդանիշի բացայայտումը:
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի հիմնադրամը նեցուկ կը կանգնի կրթական, երիտասարդական ու քաղաքացիական շարք մը ծրագիրներու՝ գլխաւոր նպատակ ունենալով ազդու կերպով տարածել ամերիկահայութեան ձայնն ու տեսակէտները, զօրացնելով ամերիկեան քաղաքացիական կեանքին մէջ հայութեան ներկայութիւնը, միաժամանակ՝ դէմ դնելով հայ ազգի շահերուն դէմ գործող ուժերուն:
Ամերիկայի Հայ Դատի հիմնադրամին ի նպաստ պատկերասփիւռային նախկին դրամահաւաքները տեղի ունեցած էին 2006ին, 2009ին ու 2012ին՝ հաւաքելով աւելի քան 6.5 միլիոն տոլար գումար մը ի նպաստ Հայ Դատի աշխատանքներուն: Բազմաթիւ կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներ, կամաւորներ, եկեղեցիներ, համայնքային ղեկավարներ, Հայ Դատի մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներ, արուեստագէտներ, քոնկրեսականներ եւ նահանգային խորհրդարանի անդամներ մասնակցած են դրամահաւաքներուն՝ նպաստելով անոնց յաջողութեան: Նախկին երեք դրամահաւաքներուն ընթացքին նաեւ ցուցադրուած են վաւերագրական շարժապատկերներ՝ լուսարձակի տակ առնելով Հայ Դատի յանձնախումբի գործունէութիւնը եւ իրագործումները: