
ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Չորեքշաբթի, Յունուար 29ին, Ատրպէյճանի մօտ Ֆրանսայի դեսպան Փասքալ Մոնիէ մտահոգութիւն յայտնած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանային գօտիին վրայ արձանագրուող վերջին միջադէպերուն կապակցութեամբ՝ աւելցնելով, թէ Ատրպէյճան եւ Հայաստան «պէտք է ղարաբաղեան հակամարտութիւնը լուծեն խաղաղ միջոցներով»:
Շեշտելով փոխադարձ զիջումներ կատարելու կարեւորութիւնը՝ դեսպանը առաւելագոյն զսպուածութեան դիմելու կոչ ըրած է հակամարտութեան կողմերուն եւ աւելցուցած, թէ ներկայ հանգրուանին ջանքերը պէտք է կեդրոնանան ձգձգուող այս հակամարտութեան համար խաղաղ կարգաւորման միջոցներ գտնելու աշխատանքներուն վրայ:
«Յոյս ունինք, որ խնդիրը կը լուծուի խաղաղ միջոցներով: Երկու երկիրներու նախագահներուն վերջին հանդիպումէն ետք դարձեալ պարզ դարձաւ, որ հակամարտութիւնը կրնայ կարգաւորուիլ բացառապէս խաղաղ ճանապարհով», ըսած է դեսպանը:
Իր կարգին, Ատրպէյճանի մօտ Եւրոմիութեան ներկայացուցչութեան ղեկավար Մալենա Մարտ Չորեքշաբթի օր ըսած է, թէ Եւրոմիութիւնը ափսոսանքով կը հետեւի հայ-ատրպէյճանական զօրքերու շփման գիծին վրայ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն: Ըստ անոր՝ Եւրոմիութիւնը մօտէն կը հետեւի սահմանային միջադէպերուն, եւ Հարաւային Կովկասի հարցերով Եւրոմիութեան յատուկ ներկայացուցիչ Ֆիլիփ Լըֆորի Ատրպէյճան կատարած վերջին այցելութեան ընթացքին, Արցախի հակամարտութեան կարգաւորումը ուշադրութեան կեդրոն դարձած է: