
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Ամերիկայի հայ աւետարանչական միութիւնը (AMAA) կը տեղեկացնէ, թէ Կլենտէյլ գտնուող ու միութեան Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու գործունէութիւնը համակարգող նոր գրասենեակին պաշտօնական բացումը տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, Յունուար 25ին, կ.ե. ժամը 3-5:
Ինչպէս հաղորդած էինք, Ամերիկայի հայ աւետարանչական միութեան Արեւմտեան Ամերիկայի գործադիր վարիչ նշանակուած է Լեւոն Ֆիլեանը:
Կեդրոնին հասցէն է՝ 1101 North Pacific Avenue, Suite 301, Glendale, CA 91202: