
ՄՈՆԹԵՊԵԼԼՕ.- ՀՕՄի «Նայիրի» մասնաճիւղի նախաձեռնութեամբ, Մոնթեպելլոյի վեթերաններու զաւակներուն ի նպաստ խաղալիքներու հաւաք մը տեղի ունեցաւ տօնական օրերու նախօրեակին:
Խաղալիքներ հաւաքելու նպատակով սնտուկներ զետեղուեցան «Մեսրոպեան» վaարժարանէն ու ՀՕՄի «Նայիրի» մասնաճիւղի մանկամսուրի համալիրներէն ներս, առաւելագոյն չափով նուէրներ հաւաքելու նպատակով, իսկ Դեկտեմբեր 23ին, երեխաները Հայ կեդրոն հրաւիրուեցան՝ ստանալու իրենց նուէրները: Հոն ներկայ էին Մեսրոպեան վարժարանէն եւ ՀՕՄի «Նայիրի» մասնաճիւղի մանկամսուրէն ներկայացուցիչներ:
Հաւաքը կազմակերպողները մնացեալ նուէրները տարին Մոնթեպելլոյի ոստիկանատուն՝ զանոնք յանձնելով ոստիկանապետ Քեւըն ՄըքՔլըրին, որ իր կարգին նուիրահաւաք մը կազմակերպած էր քաղաքի կարիքաւոր երեխաներուն համար: