
Դաշնակցութիւնը գաղափարակիցներու, նոյն նպատակին համար պայքարողներու միացումով ստեղծուած կուսակցութիւն է. իր հիմնադրութեան պատմութիւնը, իր սկզբնական անունը՝ Հայ Յեղափոխականների Դաշնակցութիւն, ազգային ազատագրութեան ու մարդկային վեհ նպատակներու շուրջ համախմբումի գաղափարին իրականացումն է:
Այսօր ալ Դաշնակցութիւնը խնդիր ունի համախմբելու հայութեան ու հայոց պետականութեան ճակատագիրով նախանձախնդիր բոլոր ուժերը, համագործակցութեան եւ ընդհանուր նպատակներու շուրջ միջոցներու կեդրոնացման, անոնց նպատակասլաց օգտագործման մթնոլորտի ու պայմաններու ստեղծման:
Այսօր արդէն համախմբումը պիտի իրականանայ ուժերու դաշնակցութեան նախագիծով, կուսակցութեանց, կազմակերպութիւններու ու անհատներու մակարդակով ընդհանուր նպատակներու յստակացումով, այդ նպատակներու իրականացման ի խնդիր մշակուող ծրագիրներու համադրումով, միջոցներու համակարգումով:
Այսօրուան հայկական իրականութիւնը, Հայաստանի մէջ թէ Սփիւռքի, յատկապէս Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու տարածքին, այնպիսի վիճակ կը պարզէ, որ կարելի է բանաձեւել կուսակցութիւններու, կազմակերպութեանց ու նոյնիսկ առանձին մարդոց ազգային առաջնահերթութիւններու ամբողջ շարք մը, որուն շուրջ գոնէ մասնակի կամ որոշ պարագաներու՝ ամբողջական համախմբումը վէճի առարկայ չի դառնար:
Հայկական Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի նախասեմին, այսօր կարելի եղած է Հայ Դատի բանաձեւումին մէջ իսկ համախոհութեան մթնոլորտ ստեղծել՝ քաղաքական աշխատանքներն ու գործունէութիւնը ճանաչումի հարթութենէն պահանջատիրութեան ուղղութեամբ հունաւորելով:
Տագնապահար սուրիահայութեան ձեռք երկարելու աշխատանքը կը տարուի որոշ շրջաններու մէջ (ինչպէս Արեւմտեան Միացեալ Նահանգները) միացեալ ճիգով, այլոց պարագային՝ անջատաբար, սակայն նո՛յն մտահոգութիւններով, նո՛յն նպատակով:
Հայաստանին ու Արցախին նիւթական ու քաղաքական նեցուկ ապահովելու հարցով՝ ո՛չ մէկ ներքին տարակարծութիւն:
Աւելին. Արեւմտեան Ամերիկայի հայկական իրականութեան մէջ գործող գլխաւոր ուժերուն միջեւ նուաճուած է հաղորդակցութեան, փոխադարձ յարաբերութեան նոր մակարդակ մը, որ կը դիւրացնէ անկաշկանդ քննարկումները, խորհրդակցութիւնները եւ ի վերջոյ՝ համագործակցութիւնը: Այսօր, Դաշնակցութիւնը կու գայ համագործակցութեան մթնոլորտը առաւել սերտացնելու յանձնառութիւնը յայտարարելու՝ վերոնշեալ երեք օրակարգերուն շուրջ ամբողջական, միասնական գործի հրաւիրելով բոլոր կազմակերպութիւնները, բոլոր միութիւնները, ազգի ճակատագիրով մտահոգ բոլոր հայորդիները: