
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Պռոշեանի գիւղապետ Հրաչ Մուրադեանի սպանութիւնը կատարելու կասկածով շուրջ 10 ամիսէ ի վեր կալանքի տակ գտնուող Արայիկ Պետրոսեան 25 Դեկտեմբերին ազատ արձակուած է։
Նախաքննական մարմինը բացատրած է, որ քննչական գործողութիւններուն իբրեւ արդիւնք կարելի չէ եղած հաստատել, որ յանցագործութեան կատարման մէջ Պետրոսեան մասնակցած է, ուստի որոշուած է զայն ազատ արձակել։
Հրաչ Մուրադեանի հարազատները ճիշդ եւ արդարացի կը նկատեն Արայիկ Պետրոսեանի ազատ արձակումը, քանի որ ի սկզբանէ վստահ էին, որ ան կապ չունի նախկին գիւղապետին սպանութեան հետ: Այս մասին «Նիուզ»ի թղթակիցին յայտնած է Հրաչ Մուրադեանի եղբօրորդին՝ Յակոբ Մուրադեանը:
«Մենք իր մասով կասկածներ չենք ունեցել ի սկզբանէ, ստացւում է, որ այսքան ժամանակ նախաքննութեան մարմինը թօզ է փչել մեր աչքին եւ չի բացայայտել սպանութեան մեղաւորներին», յայտնած է ան՝ աւելցնելով, որ Պետրոսեաններու ընտանիքին հետ իրենց բնական յարաբերութիւնները պիտի շարունակուին, բացառուած չէ նաեւ, որ երթան Արայիկ Պետրոսեանի տեսութեան։ Յակոբ Մուրադեան շեշտած է, որ իրենք որեւէ ակնկալութիւն չունէին, թէ հօրեղբօր սպանութեան պատասխանատուն պիտի բացայայտուի: Պատասխանելով այն հարցումին, թէ գոնէ իրենք գիտե՞ն, թէ ո՛վ կանգնած է սպանութեան ետին՝ Յ. Մուրադեան ըսած է. «Գիւղում ում մասին խօսում են, հէնց նա է»: Ան չէ յստակեցուցած, որ որո՛ւ ակնարկութիւն կը կատարէ, սակայն նշած է, որ ասոր մէջ դեր ունի նաեւ Կոտայքի մարզպետ Կովալենկօ Շահգալդեանը:
Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան դիտել տուած է, որ Արայիկ Պետրոսեանի ազատ արձակումը պէտք է քննարկել 25 Դեկտեմբերին դատախազութեան կողմէ տարածած յայտարարութեան պարունակին մէջ:
Վարդանեան շեշտած է, որ Դաշնակցութիւնը պիտի շարունակէ պահանջել Հրաչ Մուրադեանի սպանութեան բացայայտումը եւ իրական մեղաւորներու պատժուիլը: