ՍԱԼԲԻ ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ

Հարց տուած էր տղան աղջկան հաւաքոյթէ մը ետք. հաւաքոյթէն առաջ, աղջիկը տուած էր իր յօդուածներէն մէկը, տղուն կարծիքը խնդրելով։
Ուրախ էր աղջիկը, որովհետեւ հետեւած եւ տեսած էր, որ տղան հաւաքոյթի ժամանակ իր տուած յօդուածը կը կարդար…
Իսկ այդ հարցումը, թէ կարելի՞ է գրկել աղջկան, արդէն դրական պատասխան մըն էր աղջկան յօդուածին համար, որովհետեւ լաւ կը ճանչնար իր տարիներու ընկերոջ։
Առանց տատամսելու պատասխանը եղած էր. «Այո՛, անշուշտ, կ՛ուզեմ ես ալ գրկել քեզ», աղջիկն ու տղան արդէն զիրար գրկած էին ընկերաբար։
Աղջկան յիշողութիւնը տարիներու ետդարձ թաւալումով՝ հասած էր ծանօթ հաստատութեան մը դռները, ուր աշխատած էր մօտ 30 տարի անդադրում, ուր կրցած էր քաղել իր կեանքի մեծագոյն փորձառութիւնները՝ տաք ու պաղ. ընդհանրապէս ուրախ, բայց նաեւ թախծոտ, գործակիցի մը կամ գործընկերոջ մը ընդմիշտ կորուստով: Սակայն, կեանքը շարունակուած էր, գործը՝ առաւել եւս բազմապատկուած։
Այդ կրթող հաստատութիւնը, դարձած էր աղջկան ջերմ, երկրորդ տունը, ուր այդ երկարամեայ տարիներուն՝ հանդիպած էր անհամար հայորդիներու, յօդուածագիրներու, երիտասարդ-երիտասարդուհիներու, որոնք հետաքրքրութիւնը ունէին հայ գիրին, հռչակ ունեցող կամ խոնարհ ղեկավարներու, համեստ այցելուներու, վերջապէս, այլազան նկարագիրով մարդոց։
Այս՝ տեսակ մը «գոյնզգոյն» բայց բնականոն երեւոյթը, երբեմն աղջկան՝ քիչ մը միապաղաղ թուող կեանքին այս ընթացքը, փոխած էր «դալար ծիլ» մը, այդ օրերուն, այցելուներէն կրտսերագոյն համարուող երիտասարդ մը՝ 18-19 տարեկան, որ համարձակ, հաստատաքայլ, ժպտերես եկած էր բարե՛ւ ըսելու ե՛ւ իր ընկերոջ, որ հաստատութեան նորեկ աշխատակիցն էր, ե՛ւ ինքզինք ծանօթացնելու, որ ինք մինակ էր, նոր եկած այս «տարօրինակ» երկիրը, ծնողքէն հեռու, եւ հայ օճախի մը կարօտը ունէր եւ կը փնտռէր, եւ կը հաւատար, որ պիտի գտնէ վերջապէս այդ հայ կեդրոնը։
Աղջիկը, այդ ծանօթացման ընթացքին իսկ համակրած էր եւ նախազգացած, որ այդ երիտասարդը կրնայ յաճախակի հանդիպիլ «հայ օճախը», ու իր եւ միւս աշխատակիցներուն կարճ «զբօսանք» մը շնորհել, իրենց հեւքոտ գործը ընդհատելով։
Ճիշդ նախազգացում մըն էր…
Երկու թէ երեք օր չանցած, կրկին այցելութեան եկած էր թիկնեղ երիտասարդը՝ այս անգամ, այլ հաստատումով մը եւ հարցումով. «Նշմարեցի, որ հայերէն գիրքերու գրադարան մը ունիք, կարելի՞ է այդ գիրքերէն օգտուիլ, կը սիրեմ կարդալ», եւ խնդալով, «շատախօս ալ ըլլալով, կը սիրեմ խօսիլը, կամ գիրքի նիւթին մասին կամ հեղինակին մասին կարծիք փոխանակել, անշուշտ, եթէ կարդացած էք գիրքը», աղջկան նայելով շեշտակի։
Աղջկան հետաքրքրութիւնը կրկնապատկուած էր երիտասարդին հանդէպ, նաեւ՝ համակրութիւնը։ Աղջիկը կ՛ուզէր մօտէն ճանչնալ այդ կատակասէր, ազատօրէն խօսող երիտասարդը, ուստի, արագ երկարած էր գրադարանի գիրքերէն մէկը ըսելով. «Կը յուսամ շուտով կը խօսինք այս գիրքին եւ հեղինակին մասին, եթէ անշուշտ կարենաս կարդալ», փորձած էր կատակել աղջիկը: Երիտասարդը, գիրքը առնելով, շնորհակալութիւն յայտնելով, ըսած էր. «Ուրեմն գիրքը կը վստահիք ինծի… Գիտէ՞ք, որ գիրքի գող եմ, երբ գիրքը կամ նիւթը շատ կը սիրեմ, ցտեսութիւն», ըսած ու մեկնած, առանց սպասելու, որ աղջիկը երիտասարդին ստորագրութիւնը ուզէր, որ ետ պիտի վերադարձնէր գիրքը։
Երկու օր ետք, երիտասարդը, երկնագոյն թեթեւ շապիկ մը հագած, եկած էր գիրքը ձեռքին եւ ժպիտով մը վերադարձուցած աղջկան. «Շնորհակալ եմ, չգողցայ, որովհետեւ շատ չսիրեցի, կը հաճի՞ք, այս անգամ այլ գիրքի մը ընտրութիւնը ինծի ձգել, թէ՛ դուք չէք յոգնիր, թէ՛ ես»: Աղջիկը քիչ մը վիրաւորուած զգացած էր երիտասարդին յաւակնոտ արտայայտութենէն, բայց երիտասարդին երկնագոյն շապիկը, որ աղջկան նախընտրած գոյնն էր, եւ ժպիտը՝ տղայական, հանդարտութիւն մը ներշնչած էին եւ նաեւ, քիչ մը աւելի մտերմանալու առիթը ստեղծած՝ նկատելով մանաւանդ, որ երիտասարդը գիրքը գրադարանին մէջ զետեղած էր, այնտեղ, ուրկէ ինք տուած էր, եւ արդէն այլ գիրք մը կը փնտռէր լրջօրէն… Շատ չանցած, երիտասարդին ձեռքն էր Դանիէլ Վարուժանի «Հեթանոս Երգեր»ը եւ «Հացին Երգը», աղջիկը միտքին մէջ տեղադրած էր երիտասարդը. «Վա՛յ, չար տղայ, ուրեմն լաւ ընթերցասէր է, ճաշակաւոր», հազիւ միտքէն ազատած՝ արդէն մեկնած էր տղան։
Այսպէս. տարօրինակ մտերմութիւն մը սկսած էր միջին տարիքը թեւակոխած աղջկան եւ երիտասարդին միջեւ: Տարի մը չանցած երիտասարդը եւ աղջիկը դարձած էին սրտակից խօսակիցներ. աղջիկը՝ մեծ քրոջ մը նման կամ աւելի ճիշդ, մօր մը նման, երիտասարդին «պաշտպանը» դարձած էր ակամայ, իսկ երիտասարդը՝ աղջկան «պահանջկոտ հոգեզաւակը»։
Բացի գիրքէն, երիտասարդը կը սիրէր ուտելը, ուստի աղջիկը միշտ տունը պատրաստած բլիթ, կամ տուրմ ունէր իր «հոգեզաւակ»ին հրամցնելիք. «Ոսպապուր որ եփէք, չմոռնաք պնակ մը, երկու աւելի եփելու՝ նկատի ունենալով, որ այդ օր ձեր տան «տղան» եմ», կը կրկնէր երիտասարդը յաճախ։
Անշուշտ, գրադարանի գիրքերը, քիչ մը վէճի աղբիւր, քիչ մը ուսումնասիրութեան, նոյնիսկ լրագիրի յօդուածի մը նիւթ դարձած էին… եւ ոսպապուրը ճաշակած էր «տղան» ախորժակով, աղջկան մօր ձեռքերը համբուրելով, իբրեւ մեծ մօր։
Շարունակուած էր մտերմութիւնը. երիտասարդը պատմած էր իր ծնողքին, քոյրերուն եւ երբեմն ակնարկած իր սիրած աղջկան մասին. այս բոլորը, աղջկան քիչ մը աւելի մօտեցուցած էր երիտասարդին, որուն այլեւս «հոգեզաւակ»ին նման կը գուրգուրար։
Երիտասարդը կ՛ուսանէր իր սիրած ճիւղը։ Դժուար օրեր էին, քննութիւն, այլ ուսանողական տաղտուկներ: Ան սկսած էր ակամայ ուշ-ուշ այցելելու իր սիրած հայ օճախը. աղջիկը ե՛ւ շա՜տ ուրախ էր իր «հոգեզաւակ»ին յաջողութիւններով ե՛ւ քիչ մը տխուր՝ անոր ներկայութիւնը չկարենալ վայելելուն համար։
Կ՛անձրեւէր այդ օր…
Հակառակ, որ աղջիկը շա՜տ կը սիրէր անձրեւը, որ ուրախալի էր ու տեսակ մը աւետաբեր, բայց այդ օր, աղջիկը կարծես յոգնած էր, տարօրինակ յոգնութիւն մը, անբնական, որովհետեւ աւելորդ աշխատանք մը չէր ըրած. ուրեմն, հոգեկան էր այդ «յոգնութիւն»ը, չէր ուզեր խոստովանիլ կարծես, որ տղուն բացակայութիւնն էր, թէեւ միայն 5-6 օր անցած էր, սակայն, աւելի կը թուէր ըլլալ… Պատուհանէն դուրս, անձրեւին հետեւելով է, որ կ՛ընէր այս խորհրդածութիւնը… Այդ միջոցին, երիտասարդը եկած ու անձայն, հանդարտ, կը սպասէր, որ աղջիկը պատուհանէն հեռանայ եւ իրեն դիմաւորէ։
Աղջիկը, յանկարծ բերկրանքով մը հեռացած պատուհանէն, տեսած էր տղուն փայլուն ճակատը, որուն վրայ կաթիլ մը անձրեւ կը յամենար…
Երիտասարդը, ժպտուն. «Քանի՞ ժամ պիտի սպասեմ, որ վերջապէս կշտանաս անձրեւը դիտելէ, ե՛ս ալ հոս եմ, քիչ մըն ալ ինծի նայիր», եւ ձեռքի սպիտակ-գծաւոր թուղթը երկարելով աղջկան, շա՛տ արագ, «Ցտեսութի՛ւն, յուսամ շուտով կը տեսնուինք, մինչ այդ զբաղիր կարդալով», ըսած ու խնդալով մեկնած էր։
Աղջիկը հազիւ առիթը ունեցած էր թղթիկը առնելու…
Երիտասարդին գիրը նկարագիր ունեցող անհատի մը գիրն էր, աղջիկը այդպէս դասաւորած էր միտքին մէջ, ստորագրութիւնը՝ յատկանշական։ Կարդացած էր գրութիւնը, որ խորագիր չունէր, ոչ ոքի ուղղուած էր կարծես.
«Կարելի չէ գրկել Աշխարհ,
Բայց կարելի է գրկել
Մէկը, որ Աշխարհ կ՛արժէ»։
Այս բոլորը, աղջկան յիշողութեամբ, դարձած էր «ներկայ»… Այս ընկերը անգիտակցաբար քաղցր յուշերու աշխարհ մը արթնցուցած էր աղջկան հոգիին մէջ, աշխարհ մը, որ թէեւ կը կրկնուէր, սակայն, նո՛ր էր, ազնիւ ու մաքուր, ինչպէս անցեալին… Ակնթարթ մըն էր, որ կը կրկնուէր եւ ունէր տարիներու տեւողութիւն. «Գրկած էր մէկը, որ Աշխարհ կ՛արժէր»։