
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայկական Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցին զուգահեռ, Թուրքիոյ մէջ կը շարունակուի յամառ աշխատանք տարուիլ մարդկութեան դէմ գործուած այդ յանցագործութիւնը քօղարկելու եւ ժխտելու ուղղութեամբ:
Թուրքիա բնակող հայ մտաւորական Նատիա Օյկուն այս նիւթին անդրադարձած է «Aykiridogrular.com» կայքով հրապարակուած՝ «2015 թուականի մօտենալուն հետ ժխտող խմբաւորումները գործի անցած են» խորագիրով իր յօդուածին մէջ:
Ակնարկելով վերջերս բացայայտուած այն տեղեկութեան, թէ Թուրքիոյ մէջ բնակող ոչ իսլամ փոքրամասնութիւններուն, ներառեալ հայերուն համար, յատուկ գաղտնագիրներ կը գործածուին՝ Նատիա Օյկուն կը գրէ, թէ պէտք չէ անակնկալ նկատել այդ մէկը, ինչպէս նաեւ անցեալ շաբաթ բացայայտուած այն տեղեկութիւնները, թէ Թուրքիոյ մէջ աշխատանք կը տարուի առանձնացնելու բոլոր այն ուսանողները, որոնք Հայկական Հարցին կամ Հայկական Ցեղասպանութեան մասին ուսումնասիրութիւններ կը կատարեն:
«Շատ ակնյայտ է, որ ասոր նպատակը սպառնալիքի, շանթաժի եւ ճնշումներու ճամբով այդ մարդոց առջեւ արգելքներ դնելն է, եւ յատկապէս՝ զանոնք «համոզել», որ պետական թէզին աջակցող տեսակէտներ առաջ մղեն», կը գրէ Օյկուն:
Ան կը նշէ, որ իրենց այս քաղաքականութեան մէջ յաջողելու նպատակով, թրքական իշխանութիւնները միլիոնաւոր տոլարներ կը ծախսեն: Հայ մտաւորականը ցաւով կ՛արձանագրէ նաեւ, որ համացանցի ընկերային ցանցերը հայերու դէմ յարձակումներ գործելու, հայկական կայքերը յարձակումներու ենթարկելու, հայերը լարուած վիճակի մէջ պահելու եւ անոնց հասցէին ծանր վիրաւորանքներ հասցնելու համար կ՛օգտագործուին՝ թուրքերու «կրօնական եղբայրներ»ը նկատուող ատրպէյճանցիներուն կողմէ:
Իսկ «ինչ կը վերաբերի միւս «կրօնական եղբայրներ»ուն՝ քիւրտերուն, ապա անոնք այս հարցին մէջ «երեք կապիկներ»ու դերը խաղալով զբաղած են: Քանի մը խիղճով մարդոց ջանքերէն բացի, հոն խոր լռութիւն է միայն», կը գրէ Օյկուն, աւելցնելով, որ քանի մը անհատներէ բացի, քրտամէտ Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութիւնը եւս պաշտօնապէս չի յայտարարեր իր կարծիքը Հայկական Ցեղասպանութեան վերաբերեալ:
«2015ին այնքա՛ն քիչ ժամանակ մնացած է, իսկ Թուրքիոյ մէջ մարդկային կերպարանքներ այսքա՛ն անամօթ եւ խղճուկ վիճակի մէջ են: Շարունակեցէ՛ք ժխտման քաղաքականութիւնը. տեսնենք, թէ որքա՛ն կը շարունակուի: Մենք բաւական ժամանակ ունինք, յիշողութիւնը չէ ջնջուած: Մէկ դարը ի՛նչ է որ. դարձեա՛լ կը սպասենք: Կը բաւէ, որ միայն արդարութիւնը իր տեղը գտնէ», կ՛եզրափակէ Օյկուն: