Երեքշաբթի, 10 Դեկտեմբերի երեկոյեան ժամը 8ին, Համազգայինի ընտանիքը եւ մշակութասէր հանրութիւնը նշեցին մեծ հայորդի, Հայաստանի մշակոյթի վաստակաւոր գործիչ, արուեստագէտ, բեմադրիչ եւ դերասան Սօս Սարգսեանի յիշատակը՝ կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան եւ հովանաւորութեամբ Համազգայինի կեդրոնական վարչութեան:
Յուշ երեկոն սկսաւ մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելով յիշատակը մեծ արուեստագէտին եւ իր իսկ ձայնով ու ներկայացումով «Թողէք Գնամ…» խորագիրով տեսաերիզի մը ցուցադրութեամբ: Ապա Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անունով բարի գալուստի խօսք արտասանեց Սիլվա Քիւրքճեան, որ նշեց, թէ հակառակ կլիմայական աննպաստ պայմաններուն, մշակութասէր հայորդիներ այսօր եկած են յարգելու յիշատակը մեծ վարպետին, վերյիշելու իր խորհրդաւոր ներկայութիւնը եւ ապրելու այն տպաւորիչ պահերը, զորս կ՛ապրէր հանդիսատեսը Սօս Սարգսեանի իւրաքանչիւր ներկայացման ընթացքին: Ան խորին շնորհակալութիւն յայտնեց Սարգսեանի այրի Նելլի Սարգսեանին եւ ժապաւէններու մասնագէտ փրոֆ. Դաւիթ Մուրատեանին՝ իրենց ներկայութեան համար, Լիբանան այցելելու Համազգայինի հրաւէրին ընդառաջելով:
Երեկոն շարունակուեցաւ տեսաերիզի մը ցուցադրութեամբ, որուն մէջ ներկայացուած էին վկայութիւններ Սօս Սարգսեանի մասին՝ տարբեր մարզեր ներկայացնող:
Ապա Հայաստանի ֆիլմարուեստի ակադեմիոյ նախագահ, փրոֆ. Դաւիթ Մուրատեան բեմ բարձրացաւ եւ ներկայացուց Սօս Սարգսեանը՝ իբրեւ արուեստագէտ, որ մեզ կը բարձրացնէր մեր առօրեայէն՝ ստեղծելով հայու կենսապատում եւ մարդու կենսապատում: Ան դարձաւ հայ ժողովուրդի կեանքի մասնակից՝ իր բոլոր հոգերով եւ պայքարներով: Անոր ժապաւէններով բացուեցաւ ոչ միայն ֆիլմաշխարհի նոր էջ, այլեւ հայկական ինքնութեան ճանաչման նոր էջ՝ հասկնալով հողի խորհուրդը:
Սօս Սարգսեան կը ներկայացնէ այն արժէքները, որոնք մարդը մարդ կը պահեն, հայը՝ հայ:
Սօս Սարգսեան հին երկիրի յիշողութիւնը ներկայացուց նոր Հայաստանի մէջ: Ան «Նահապետը» տիպարը խաղալով իւրացուց այդ կերպարը եւ ապրեցաւ անով: Ան «ես»ը վերածեց «մենք»ի: Ան հայրենիք արտացոլող արուեստագէտ էր, Սօս Սարգսեան խորհրդային վարչակարգի, այդ դժուարին պայմաններուն մէջ իր կերպարով ստեղծեց հաւաքական յիշողութիւն մարմնացնող տիպար: Իր «Ձորի Միրօ»ով ան ներկայացուց հայ մարտիկի անկոտրում կամքը, այս ժապաւէններով ան ամբողջ սերունդներ կը կապէր իրենց արմատներուն, իրենց ինքնութեան: Ասոր փայլուն վկան է այսօրուան արցախեան յաղթանակը, ուր ոչ միայն յաղթեց հայ զինուորը իր զէնքով, այլեւ յաղթեց հայ մշակոյթը՝ Սօս Սարգսեանի ներկայացուցած տիպարներով:
Կան արուեստագէտներ, որոնք կը կերտեն ժամանակը: Ասոնց շարքին է Սօս Սարգսեան, որ կերտեց մեր ժամանակները:
Փրոֆ. Դաւիթ Մուրատեան աւելցուց, որ Սօս Սարգսեան Հայաստանի դժուարին տարիներուն ընթացքին կրցաւ մշակոյթի օճախ ստեղծել՝ հիմնելով «Համազգային» թատրոնը, որովհետեւ իրեն համար կար Հայաստանը, որուն համար կ՛արժէր զոհուիլ:
«Մենք այսօր հաւաքուած ենք խոստովանելու այն իրողութիւնը, որ Սօս Սարգսեանի նման մեծեր են, որոնք մեզ կապած են մեր էութեան հետ, մեր ժողովուրդի արժէքներուն հետ՝ գեղեցկօրէն, մարդկայնօրէն, ներշնչելով յոյս, հաւատք եւ մեզ դարձնելով իսկական հայ:
Ապա երեկոյին համահունչ ջութակով ելոյթ ունեցան Աշոտ եւ Արմէն Ճենտերեճեան եղբայրները, որոնք կատարեցին «Նարեկացիի Տաղ»ը, որմէ ետք սոփրանօ Արեւիկ Գրիգորեան կատարեց կոմիտասեան «Տէր Ողորմեա»ն:
Համազգայինի ընտանիքին անունով խօսք առաւ Գեղանի Էթիեմեզեան, որ ներկայացուց Սօս Սարգսեանի կապը Համազգային հայ մշակութային եւ կրթական միութեան հետ: Այս առնչութեամբ ան ըսաւ, որ մինչեւ 1991 Սօս Սարգսեան ուղղակիօրէն չէր առնչուած Համազգայինին: Ան ինքզինք իրագործած՝ նոյնքան յարգելի անձնաւորութիւն էր: Երեսուն երեք տարի նուիրուած էր թատրոնին, 1959-1980 բացուած էր դէպի ֆիլմարուեստի աշխարհ՝ եւ աւելի քան երեսուն հայկական ժապաւէններու մէջ իր մարմնաւորուած դերերով՝ դարձած էր հանրաճանաչ, եւ 1972ին արժանացած՝ «ժողովրդային արուեստագէտ»ի կոչումին:
Էթիեմեզեան նշեց, որ Սօս Սարգսեան նորագոյն մեր պատմութեան անկիւնադարձային հանգրուանին յանձնառու մտաւորականն էր, իր իսկ հաստատումով՝ «ազգին մէջ», «ազգի կողքին»: «Սօսի հետ համազգայնականներուս մտերմութիւնը սկսաւ 1991ի Դեկտեմբերի կիսուն, Համազգայինի Աթէնքի մէջ գումարուած Անդրանիկ պատգամաւորական ժողովէն տարի մը անց», ընդգծեց Էթիեմեզեան՝ նշելով Համազգայինի հետ յետագայ գործակցութեան հանգրուանները:
Ներկաները հայրենի լեռնաշխարհ փոխադրուեցան Սօս Սարգսեանի նկարներուն ընդմէջէն, որոնց կ՛ընկերակցէր Սարգսեանի իսկ ձայնով Նարեկացիի կտորներու շարքէն իր հարազատ ընթերցումը:
Սրտի խօսքը յուզմունքով արտասանեց Սօս Սարգսեանի այրին՝ երաժշտագէտ Նելլի Սարգսեան, որ ըսաւ, թէ շատ յուզիչ է խօսիլ մէկու մը մասին, որ մեծ հայ էր, մարդ մը, որ սրտցաւ էր իր հայրենիքի հարցերով: Սօս Սարգսեանի հասարակական գործունէութեան մասին խօսելով՝ Նելլի Սարգսեան ներկայացուց զայն իբրեւ պահանջատէր՝ իր ժողովուրդի խնդիրները ներկայացնելու իմաստով: Ան Վիքթոր Համբարձումեանի, Գէորգի Պետրոսեանի եւ այլոց հետ միասին յայտարարեց հացադուլ, որ միայն Վազգէն Ա. կաթողիկոսին խնդրանքով վերջ գտաւ: Հայ ժողովուրդի իրաւունքները պահանջող այս հացադուլէն ամէնէն շատ Սօս Սարգսեանը տուժեց իր առողջութեամբ:
Ղարաբաղեան շարժումին ընթացքին ան մնաց պատնէշի վրայ: Մեծ գործունէութիւն ծաւալեց երկրաշարժի ժամանակ:
Տարբեր երկիրներէ օժանդակութիւններ իր անունով կը հասնէին Հայաստան:
Նելլի Սարգսեան նշեց, որ Սօս Սարգսեան մեծ դեր ունեցաւ Հայաստանի տարածքին կատարուող անտառահատման դէմ պայքարին մէջ: Սարգսեանի այրին իր խօսքի աւարտին շնորհակալութիւն յայտնեց իրեն ընծայուած առիթին համար:
Երեկոյի աւարտին ներկաները դիտեցին Սօս Սարգսեանի 70ամեակին նուիրուած տեսաերիզը, որ կը ներկայացնէր մեծ վարպետին կեանքն ու գործունէութիւնը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.