ԴՈԿՏՈՐ ՄԻՆԱՍ ԳՈՃԱՅԵԱՆ

Հոկտեմբեր 27ին, keghart.com կայքէջի նախաձեռնութեամբ, Թորոնթոյի մէջ կազմակերպուած էր դռնբաց քննարկում մը՝ «Սփիւռքահայութեան Անտարբերութիւնը Քաղաքական կեանքէն Ներս. Առասպէ՞լ, Թէ՝ Իրականութիւն» վերնագիրով:
Քննարկման չորս մասնակիցներէն երեքը երիտասարդներ էին եւ բոլորն ալ անկախ իրարմէ՝ կը մատնանշէին հայ երիտասարդներու եւ հայ համայնքին հեռու մնալու պարագան տեղական քաղաքական աշխոյժ կեանքէն: Անոնք կոչ կ՛ընէին թէ՛ համայնքին եւ թէ երիտասարդներուն չխուսափելու տեղական կառավարման մարմիններու մաս կազմելու գործընթացէն: Զեկուցողները կը շեշտէին քաղաքական ընտրութեանց ու կեանքին մասնակցելու անհրաժեշտութիւնը՝ ցոյց տալով այն օգուտները, զորս կարելի է քաղել նման մասնակցութիւններէ:
Ուրախութեամբ եւ հպարտութեամբ պէտք է նշեմ, որ Մոնթրէալի շրջանին մէջ հետզհետէ անուն հանող եւ Քանատայի քաղաքական-կուսակցական կեանքին մէջ բարձրացող դէմքերէն է Յարութ Շիթիլեան, որ թէեւ մասնագիտացած եւ աշխատած է ճարտարագիտութեան ճիւղի հեռահաղորդակցման ոլորտի մէջ, աշխուժօրէն ներգրաւուած է նաեւ տեղական քաղաքապետական կեանքին մէջ:
Գեղադէմ այս երիտասարդը ծնած է Պէյրութ, ուրկէ ինը տարեկանին ծնողներուն հետ գաղթած է Քանատա: Նախնական եւ միջնակարգ ուսումը ստացած է ՀԲԸՄի Ալեք Մանուկեան վարժարանէն ներս, որմէ ետք յաճախած է ֆրանսերէն լեզուի դպրոց: Գործօն կերպով մասնակցած է լողի, ջրագնդակի եւ պասքէթպոլի մարզաձեւերուն, այնուհետեւ աւարտած է ճարտագիտական վերոյիշեալ բաժինը: Աշխատած է շուէտական «Էրիքսոն» հիմնարկին մէջ որպէս միջազգային գործերու գծով խորհրդական՝ Լատինական Ամերիկա, Արեւմտեան Եւրոպա եւ Միացեալ Նահանգներ: Այնուհետեւ ան հիմնած է իր սեփական խորհրդատուական կեդրոնը տեղեկատուութեան եւ հեռահաղորդակցման բնագաւառէն ներս:
2009ին Յարութ Շիթիլեան կը սկսի աւելի հանգամանօրէն հետաքրքրուելու քաղաքապետական կեանքով եւ լրջօրէն կը պատրաստուի մասնակցելու ընտրութիւններուն եւ կ՛ընտրուի Մոնթրէալի Ահունցիք-Քարթիէվիլի քաղաքային խորհուրդի անդամ: Մինչեւ 2011ի Յունիսը ան նախագահն էր Մոնթրէալ քաղաքի քաղաքային խորհուրդի, քաղաքի նախագահութեան յանձնաժողովի ղեկավարը եւ փոխնախագահը քաղաքային բարելաւման Խորհրդակցական վարչութեան: 20 Յունիս 2011ին Յ. Շիթիլեան 30 տարեկանին կ՛ընտրուի Մոնթրէալի, Քեպեքի եւ Քանատայի Քաղաքային խորհուրդի ատենապետ՝ հանդիսանալով ամէնէն երիտասարդ ատենապետը Մոնթրէալի պատմութեան մէջ: 2012ի Դեկտեմբերին , յետհրաժարման Մոնթրէալի քաղաքապետ Մայքըլ Ափլպոմի, Շիթիլեան իր թեկնածութիւնը կը դնէ Մոնթրէալի քաղաքապետի փոխանցման շրջանի պաշտօնին եւ սակայն միայն ձայներու չնչին տարբերութեամբ իր դիրքը կը զիջի Լորան Պլաշարի:
Բոլորովին վերջերս՝ Փետրուար 13ին, Մոնթրէալի քաղաքապետական ընտրութիւններուն առնչութեամբ կրկին աշխուժութիւն կը տիրէր քաղաքին մէջ: Նոյեմբեր 3ին, Պորտօ-Քարթիվիլի քաղաքացիները վերընտրեցին Յարութ Շիթիլեանը որպէս իրենց Քաղաքապետական խորհուրդի անդամ՝ ստանալով ընտրամասի քուէարկողներու ընդհանուր ձայներուն 48.88 տոկոսը: Իր հետ հինգերորդ անգամ ըլլալով վերընտրուեցաւ նաեւ Մարի Տերոս Չաւուշեանը:
Ընտրապայքարին կը մասնակցէին վեց հայ թեկնածուներ:
Քանատայի տեղական-քաղաքապետական կեանքին մէջ հետզհետէ բարձրացող հայազգի մեր երիտասարդ հանրային սպասաւորը Նոյեմբեր 18ին նշանակուեցաւ Մոնթրէալ քաղաքի Գործադիր վարչութեան փոխնախագահի պաշտօնին: Ան միաժամանակ պատասխանատուն պիտի ըլլայ Վարչական բարեփոխումներու Smart City եւ Տեղեկատւութեանց արհեստագիտութեան (Information Technology):
Եղիշէ Չարենց դեռեւս հարիւր տարի առաջ գրած էր. «Թէ ուզում ես ձայնդ լսեն, ժամանակիդ շունչը դարձիր»: Ահաւասիկ այն տիպար երիտասարդը, որ Քանատայի մէջ, անսալով իր ներքին ձայնին ու վստահելով իր ուժերուն ու հայ համայնքի անվերապահ զօրակցութեան, նաեւ մէկդի դնելով զանազան նախապաշարումներ, դարձած է իր ժամանակի շունչը, որ թարմութիւն ու նորութիւն կը խոստանայ: Մեր ակնկալութիւնն է, որ շատ հայ երիտասարդներ հետեւին Յարութի օրինակին եւ աներկիւղ նետուին իրենց համար հայրենիք ընտրած երկիրներու քաղաքական եռուզեռին մէջ ու այդ ճանապարհով օգտակար հանդիսանան բոլոր քաղաքացիներուն անխտիր ու մասնաւորաբար հայ համայնքին ու հայրենիքին: Յիշեցնենք, որ Յարութ Շիթիլեան 2010ին Մոնթրէալի այն ատենուան քաղաքապետ Ճերար Թրամպլէի հետ այցելած էր Հայաստան:
Յարութիւն Շիթիլեան կազմած է հայկական իր բոյնը ատամնաբոյժ Օլեա Մարգարեանի հետ:
Նորանոր յաջողութիւններ Յարութիւն Շիթիլեանին եւ Մարի Տերոս Չաւուշեանին: