
Աւստրիոյ հանրային ձայնասփիւռի հանդիսութիւններու սրահին մէջ Նոյեմբեր 28ին տեղի ունեցած է Ֆրանց Վերֆելի «Մուսա Լերան 40 Օրերը» վէպի լոյս ընծայման 80ամեակին նուիրուած հանդիսաւոր ձեռնարկ, կազմակերպութեամբ Աւստրիոյ մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան, Աւստրիոյ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ վարչութեան եւ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին: «40 օր-100 տարի. Ֆրանց Վերֆել, Գրականութիւնը որպէս պատմութեան հայելի» խորագիրով ձեռնարկին կազմակերպութեան իրենց օժանդակութիւնը բերած են Աւստրիոյ հանրային ձայնասփիւռի կազմին մէջ գործող Ռատիօ-Քուլթուրհաուսի խմբագրութիւնը, Աւստրիոյ Ազգային գրադարանը, Աւստրիոյ գրական ընկերութիւնը եւ «Ֆրանց Վերֆել» յանձնախումբը:
Հաւաքոյթին Աւստրիոյ մօտ Հայաստանի դեսպան Արման Կիրակոսեան արժեւորած է Վերֆելի վէպին պատմական եւ գեղարուեստական նշանակութիւնը հայ ժողովուրդի հերոսական պայքարի յաւերժացման եւ այդ պայքարին ընդմէջէն՝ համամարդկային արժէքներուն բարձր նշաձողի վրայ զետեղման տեսանկիւնէն:
Աւստրիոյ կառավարութեան անունով ներկաները ողջունած է Աւստրիոյ կրթութեան, արուեստի եւ մշակոյթի նախարարութեան կազմին մէջ գործող Մշակութային վարչութեան տնօրէն, նախարարական խորհրդական Օլիվեր Հենհափելը: Ողջոյնի խօսքեր արտասանած են Կեդրոնական Եւրոպայի եւ Սկանտինաւիոյ մէջ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ հայրապետական պատուիրակ Տիրան վրդ. Պետրոսեան, Վիեննայի Մխիթարեան միաբանութեան ղեկավար հայր Պօղոս Գոճանեան, Փոցտամի Եոհաննէս Լեփսիուս եւ Վուփփերթալի «Արմին Թէօ Վեկներ» ընկերութիւններու վարչութեանց անդամ Համօ Պետրոսեան:
Մուսա լերան հերոսամարտին վերաբերեալ ձեռք բերուած նոր տեսանիւթերու մասին զեկուցած է Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն դոկտ. Հայկ Դեմոյեան: Վերֆելի վէպին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան պատմական իրողութեան արտացոլման խնդիրի շուրջ ելոյթ ունեցած է Սալցպուրկի եւ Վիեննայի մէջ գործող Լոնտոնի համալսարանի դասախօս, գրականագէտ փրոֆ. դոկտ. Ռիւտիկեր Կէօրներ:
Ձեռնարկին երկրորդ մասով, Հայոց Ցեղասպանութեան, Ֆրանց Վերֆելի վէպին շուրջ կազմակերպուած է կլոր-սեղան, քննարկում եւ միտքերու փոխանակում՝ Աւստրիոյ գրական ընկերութեան եւ «Ֆրանց Վերֆել» յանձնախումբի նախագահ, գրող դոկտ. Մարիանա Կրուպերի, նոյն յանձնախումբի փոխնախագահ, պատմաբան, ցեղասպանագէտ դոկտ. Արտեմ Օհանջանեանի, Աւստրիոյ Ազգային գրադարանի Ձեռագիրներու եւ հնատիպ հրատարակութիւններու հաւաքածոյի տնօրէն դոկտ. Անտրէաս Ֆինկերնակելի մասնակցութեամբ:
Աւստրիոյ Ազգային գրադարանը տրամադրած է նաեւ Ֆ. Վերֆելի «Մուսա Լերան 40 Օրերը» վէպի ձեռագիրին բնօրինակը, որ ցուցադրուած է ձեռնարկի շրջանակին մէջ: Վերֆելի վէպէն հատուածներ ընթերցած է աւստրիացի գրող, թարգմանիչ Հերպերթ Մաուրեր:
Հանդիսութեան վերջաւորութեան, դեսպան Կիրակոսեան ներկայ մտաւորականներուն յանձնած է Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին կողմէ պատրաստուած Վերֆելի վէպի լոյս ընծայման 80ամեակին նուիրուած յուշամետալներ, կատարուած է յատկապէս այս ձեռնարկին համար հրատարակուած Վերֆելի դրօշմանիշով բացիկներու ներկայացման արարողութիւն:
Հանդիսութեան ներկայ եղած են Աւստրիոյ կառավարութեան, մասնաւորապէս՝ արտաքին գործոց նախարարութենէն, կրթութեան, արուեստի եւ մշակոյթի եւ այլ նախարարութիւններէ պաշտօնատարներ, Հայաստանի մօտ Աւստրիոյ դեսպան դոկտ. Ալոյիս Քրաութ, Վիեննայի մէջ հաւատարմագրուած դիւանագիտական առաքելութիւններու անդամներ, մտաւորականներ, պատմաբաններ, գրականագէտներ, լրագրողներ, աւստրիահայ համայնքային կառոյցներու ներկայացուցիչներ: