Շաբաթ, 30 Նոյեմբերին, Միւնիխի հայ համայնքը երաժշտական յայտագիրով մը նշեց համայնքի «Կոմիտաս» երգչախումբի հիմնադրութեան 37ամեակը։
Հանդիսութեան ներկայ էր թեմակալ առաջնորդ Գարեգին սրբազան, Մայր աթոռի միաբաններէն Անդրէաս աբղ. Եզէկեանն ու հայ համայնքի հոգեւոր հովիւ Այգիկ քահանան։
«Կոմիտաս» երգչախումբը հիմնուած է 37 տարի առաջ Միւնիխ հաստատուած հայ հաւատացեալներու ջանքերով։ Խմբավար Եդուարդ Մունցեանի ղեկավարութեամբ երգչախումբը կը կատարէ Ս. պատարագի երգեցողութիւնները եւ կը մասնակցի միջ-եկեղեցական արարողութիւններու եւ համերգներու, բարձր պահելով հայ անունը՝ օտար շրջանակներէն ներս։
Յոբելենական յայտագիրը սկսաւ Այգիկ քահանայի բացման խօսքով։ Ան ներկայացուց երգչախումբի պատմականը եւ դպրաց դասու անդամներուն փոխանցեց սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի շնորհաւորութիւններն ու ողջոյնի խօսքը։ Այս առիթով, ափիւռքի նախարարութիւնը որպէս գնահատանք «Կոմիտաս» երգչախումբի ազգանուէր եւ եկեղեցաշէն գործունէութեան, անցեալի ու ներկայի բոլոր անդամներուն շնորհած էր շնորհակալագիրներ, Սփիւռքի մէջ հայ մշակոյթը վառ պահելու աշխոյժ ջանքերուն համար։ Իսկ երգչախումբի ղեկավարին շնորհուած էր «Կոմիտաս» շքանշանը։ Առաջնորդ սրբազանը իր սրտի խօսքը ուղղեց ներկաներուն, բարձր գնահատելով երգչախումբի բազմամեայ գործունէութիւնը եւ շնորհաւորեց երգչախումբի 37ամեակը։
Սոյն առիթով Կոմիտաս երգչախումբը հիւրերուն ներկայացուց հայկական դասական եւ ժողովրդական, ինչպէս նաեւ քանի մը օտար երգեր։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.