ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».– Հայաստանի կառավարութիւնը փոփոխութիւններ կատարած է նախապէս իր ընդունած որոշման մէջ, որով ճշդուած են անապահով ընտանիքներուն մատակարարուող բնական կազի գինի նուազեցման նախաձեռնութիւնները:
Կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութեան համաձայն, այս որոշումով կը նախատեսուէր 1 Ապրիլէն մինչեւ 6 Յուլիս երկարող ժամանակաշրջանին շարունակել պետութեան կողմէ ընտանեկան նպաստի իրաւունք ունեցող (անապահով ընտանիքներ) սպառած բնական կազի սակագինի մասնակի փոխհատուցումը, այն է՝ «Հայռուսգազարդ» ընկերութեան կողմէ այդ ընտանիքներուն մատակարարուած բնական կազի 75 խոր. մեթր քանակութեան համար գանձել հաստատուած գինէն (1000 խոր. մեթրի համար 132 հազար դրամ) նուազ գին (1000 խոր. մեթրի համար 100 հազար դրամ կամ 32 հազար դրամով նուազ):
Գիներու տարբերութեան գումարը «Հայռուսգազարդ» ընկերութեան պիտի տրամադրուի Հայաստանի ուժանիւթային համակարգի պետական ընկերութիւններու վերազինման եւ բարեփոխման իբրեւ արդիւնք գոյացած գումարէն։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.