
ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».– Հայաստանի խորհրդարանի ոչ իշխանական ուժերը նոր քայլեր կը մշակեն՝ Կուտակային կենսաթոշակային պարտադիր համակարգի ներդրման դէմ. անոնք կը քննարկեն այս մէկուն կիրարկումը մէկ տարիով յետաձգելու հարցով արտակարգ նիստի հրաւիրելու, ինչպէս նաեւ սահմանադրական հանրաքուէի նախաձեռնելու կամ ալ օրէնքի սահմանադրականութիւնը բարձր դատարանին մէջ քննարկելու տարբերակները:
Թէեւ այս առնչութեամբ արտակարգ նիստ գումարելու առաջին փորձը ձախողեցաւ, սակայն այդ ուժերը տեղի չեն տուած։ «Մենք կարող ենք ուղղակի անտեսել եւ նորից ներկայացնել արտահերթ նիստ հրաւիրելու վերաբերեալ», «Ազատութեան» հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է Ժառանգութիւն խմբակցութեան ղեկավար Զարուհի Փոստանջեանը, որուն համաձայն, «կենսաթոշակային ֆոնտին վճարելը նշանակում է կոռուպցիայի ծաղկմանը մասնակցել»:
Եթէ կառավարութիւնը փոխզիջում չկատարէ, հասարակութեան պէտք է առաջարկուի ծայրայեղ քայլի դիմել, յայտնած է Փոստանջեան. «Կոչ եմ անում Հայաստանի բոլոր քաղաքացիներին իւրաքանչիւրը իր աշխատանքի վայրում սկսի ձեւաւորել աշխատանքային խմբեր, որպէսզի համընդհանուր ազգային գործադուլ կազմակերպենք»:
Հայ ազգային կոնգրեսէն Լեւոն Զուրաբեան դիտել տուած է, որ կենսաթոշակային պարտադիր վճարումի դէմ արտայայտուողներուն առաջարկները արտակարգ նիստին պիտի ներկայացուին. ան հաստատած է, որ չեն ուզեր հարցը քաղաքականացնել։
«Իրականում շատ կարեւոր է, որ մեր համախմբուած աշխատանքը պարլամենտում (խորհրդարան) զուգորդուի ժողովրդի ակտիւ մասնակցութեամբ դրսում: Այ սրանից են իշխանութիւնները ամենաշատը վախենում եւ սա է նրանցից զիջումներ կորզելու բանալին», յայտնած է Զուրաբեան:
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութենէն Աղուան Վարդանեան ըսած է, որ կառավարութիւնը պէտք է խոհեմ գտնուի, անգամ մը եւս խնդիրը քննարկելու կարելիութիւն տայ. անոր համաձայն, աշխատավարձը յաջորդ տարուան Յուլիս 1էն պիտի բարձրացուի, բայց անիկա գլխացաւի պիտի վերածուի մարդոց համար։ «Եթէ ոչինչ չփոխուի, Հայաստանի բոլոր աշխատող քաղաքացիները Յունուարին աւելի քիչ աշխատավարձ են ստանում, քան թէ ստացել են Դեկտեմբերին: Նման բան ես չեմ յիշում մեր պետութեան պատմութեան մէջ», ըսած է Վարդանեան:
Միւս կողմէ, խորհրդարանական խմբակցութիւններէն բացի, այս առնչութեամբ քայլերու կը դիմէ նաեւ «Ընդդէմ կենսաթոշակային պարտադիր վճարների» նախաձեռնութիւնը, որ կրկին նամակ ուղարկած է Ազգային ժողովին մէջ իրենց սատարող պատգամաւորներուն: Նախաձեռնութիւնը կոչ կ՛ուղղէ անոնց՝ կրկին հաւաքել 44 ստորագրութիւն եւ խորհրդարանի արտակարգ նիստի հրաւիրել:
Պատասխանելով «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին այն հարցումին, թէ վստա՞հ են արդեօք, որ այս անգամ նիստը պիտի չտապալի, եւ քննարկումներ պիտի կատարուին օրէնքին շուրջ, կենսաթոշակային պարտադիր վճարումներուն դէմ պայքարող քաղաքացիներէն Տիգրան Մարտիրոսեանը յայտնած է. «Հնարաւոր է եւ տապալեն, բայց կարելի է, ինձ թւում է, փորձել: Այստեղ իրենց մօտեցման հարցն էլ է: Ինչքա՞ն պիտի տապալեն՝ դա է հարցը, էլի. տապալեցին, մէկ անգամ էլ տապալեցին՝ յետո՞յ»:
Նախաձեռնութեան անդամները նամակին մէջ գրած են, որ եթէ իշխանութիւնը կրկին պոյքոթի ենթարկէ նիստը, իրենք նաեւ պիտի պահանջեն օրէնսդրական փոփոխութիւն կատարել՝ սահմանափակելու խորհրդարանին մէջ մեծամասնութիւն ունեցող ուժին կողմէ պոյքոթ ընելու կարելիութիւնը:
Մարտիրոսեան նշած է, որ իրենց նամակները՝ ուղղուած մարդու իրաւունքներու պաշտպանին եւ վարչապետին, առայժմ պատասխան չեն ստացած, այդ պատճառով կրկին ցոյց պիտի կատարեն կառավարութեան շէնքին առջեւ:
«Պահանջելու ենք օրէնքից հանել պարտադիր բաղադրիչը, ասենք՝ մենք փորձեցինք բովանդակային քննարկումներ ծաւալել ու չի ստացւում, բովանդակային մասով իրենք ասում են, որ՝ «մենք չունենք ոչ մի բան քննարկելու, ամէն ինչ քննարկուած է արդէն», դէ, այդ դէպքում մենք էլ ուղղակի պահանջում ենք, որ պարտադիր կէտը հանեն ընդամէնը», դիտել տուած է գործիչը։
Նշենք, որ «Ընդդէմ կենսաթոշակային պարտադիր վճարների» նախաձեռնութեան Դիմատետրի էջին արդէն միացած է 1225 հազար մարդ. անոնք կը շարունակեն պայքարի պատրաստուիլ թէ՛ իրաւական դաշտին մէջ, թէ՛ ցոյցեր կատարելով:
«Ու յետոյ մարդիկ ռէալ տեսնեն, որ փողոցում ինչքան մարդ կայ, ինչքան մարդ է պահանջում, էլի: Ոչ թէ, ասենք, մի հինգ-տաս հոգի նամակ գրեցին՝ այդ հինգ-տաս հոգու նամակը, բնականաբար, հաշուի չեն առնի: Բայց եթէ ռէալ փողոց դուրս եկած մարդիկ կան՝ պիտի որ հաշուի առնեն, իմ կարծիքով», դիտել տուած է Տիգրան Մարտիրոսեանը: