
ՓԱՐԻԶ, «Նոր Յառաջ».- Սեւրի Մխիթարեան վարժարանի շրջափակին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան յուշակոթող-թանգարանի մը ստեղծման աշխատանքին ձեռնարկած «Սեւր-2015» ընկերակցութիւնը ճարտարապետներու մրցում կը յայտարարէ:
Այս առթիւ Հոկտեմբեր 15ին հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ կ՛ըսուի, թէ այս մրցումով ծրագիրը կարեւոր փուլ մը կը թեւակոխէ: Մրցումը բաց է միայն երիտասարդ ճարտարապետներու. նախատեսուած է 5.000 եուրոյի մրցանակ մը:
Ընկերակցութեան ընդհանուր քարտուղար Լեւոն Փափազեան կ՛ըսէ. «Կ՛ուզենք յոյս ներշնչող, երիտասարդութեամբ եւ խանդավառութեամբ լեցուն նախագիծ մը, որ ինքնին ջախջախիչ պատասխան մը հանդիսանայ Ցեղասպանութեան եւ անոր ժխտումի փորձին»:
«Յուշակոթող-թանգարանը պիտի ներմուծուի շատ արժանաւոր մշակոյթի հովիտին ծիրին մէջ, դրացնութեամբ այն պալատին, ուր ստորագրուած է Սեւրի դաշնագիրը, ինչպէս նաեւ Յախճապակիի ազգային ոստանին եւ Երաժշտութեան ապագայ ոստանին: Ուստի, կ՛ակնկալենք խորհրդանշական նախագիծ մը՝ բարետենչ ճարտարապետութեամբ, որ միանգամայն կարենայ ներկայացնել հայ մշակոյթի պատուաբեր անցեալը, Ցեղասպանութեան պարտադրած խզումը եւ վերածնունդը», Իր կարգին, կը յայտնէ ընկերակցութեան փոխնախագահ Յարութիւն վրդ. Պզտիկեան:
Թեկնածուները կրնան յաւելեալ տեղեկութիւններ ստանալ, այցելելով http://www.sevres2015.org/p/concours.html կայքէջը: