Յունահայոց Ազգային վարչութեան ատենապետ Արա Մանկոյեան, ՀՅԴ Յունաստանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Գէորգ Գոլանեան եւ ՀԿԽի Յունաստանի Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի Լուսի Շանկայեան Հինգշաբթի, 17 Հոկտեմբերին, յետժամադրութեան, յոյժ կարեւոր հանդիպում մը ունեցան կրթական նախարար Գոնսթանտինոս Արվանիթոփուլոսին հետ, նախարարութեան գրասենեակին մէջ:
Հանդիպման ընթացքին համայնքի կառոյցներու ներկայացուցիչները մանրամասնօրէն պարզեցին մեր վարժարաններուն դիմագրաւած սուր դժուարութիւնները: Իբրեւ հիմնական հարց, նախարարի նկատողութեան յանձնուեցաւ հայ ուսուցիչներու վճարման մասին գոյութիւն ունեցող օրէնքի բարեփոխման անհրաժեշտութիւնը: Նախարարը տեղւոյն վրայ հանդիպման ներկայ իր խորհրդատուին յանձնարարեց, որ համապատասխան օրինագիծի մը պատրաստութեան համար հանդիպման մը նախաձեռնէ նախարարութեան իրաւական հարցերու խորհրդատուին եւ Յունահայոց Ազգային վարչութեան իրաւաբանին միջեւ:
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԹԵՄԱԿԱՆ
ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.