Հոկտեմբեր 19ին Մարսէյի մէջ գումարուած Թեմական պատգամաւորական արտակարգ ժողովը, առաջնորդին մեկնումէն ետք, միաձայնութեամբ մերժած է անոր հրաժարականը եւ ցաւ յայտնած է իր կողմէ առնուած այդ քայլին համար:
Նախապէս, Նորվան սրբազան ժողովի առաջին կիսուն Ընթացիկ Պատգամաւորական ժողովի ընթացքին ներկայացուցած է իր հրաժարականի պարագաները: Ընթերցած է երեք էջնոց հրաժեշտի իր խօսքը: Պատգամաւորի մը պնդումին ընդառաջելով, ան ընթերցած է նաեւ Յուլիս 31ին Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդին յղած իր 4 էջնոց բացատրական նամակը, որուն աւարտին երկար լռութենէ ետք, կարգ մը պատգամաւորներ չեն կրցած զսպել իրենց յուզումը եւ արցունքները: Ուրիշներ ալ չեն կրցած զսպել իրենց պոռթկումը եւ Ամենայն հայոց կաթողիկոսին հրաժարականը պահանջած են:
Միաժամանակ, Թեմական խորհուրդը Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 17ին որոշած կ՛ըլլայ առաջնորդական տեղապահ մը՝ յանձինս Մեսրոպ վրդ. Պարսամեան, որ սկզբունքով Նոյեմբեր 1էն անդին պիտի գրաւէ հրաժարեալ առաջնորդին աթոռը, մինչեւ նոր առաջնորդի ընտրութիւնը:
Սակայն, ահաւասիկ ստեղծուած անհասկնալի վիճակը. չհասկցանք, թէ ինչպէ՞ս որոշուած կ՛ըլլայ առաջնորդական տեղապահ մը, երբ Պատգամաւորական ժողովը կը մերժէ Նորվան սրբազանի հրաժարականը: Առնուազն պէտք էր, յետմերժումի քուէարկութեան, դիմում կատարուէր Նորվան սրբազանին, իրեն յայտնելով Պատգամաւորական ժողովին որոշումը, եւ բանակցութիւն կատարուէր եւ սրբազանին վերջնական պատասխանը փոխանցուէր Պատգամաւորական ժողովին:
Ըսուեցաւ նաեւ, որ Լիոնի շրջանի ծուխերը յայտարարած են, որ պիտի չմասնակցին յառաջիկայ Թեմական պատգամաւորական ժողովին, որ պիտի կայանայ Նոյեմբեր 16ին:
Նկատի առնելով որ մամուլը չէր ընդունուած Մարսէյի մէջ տեղի ունեցած Պատգամաւորական ժողովներուն, «Նոր Յառաջ» անկարող է աւելի մանրամասն զեկուցելու Ֆրանսահայոց վերաբերող այս հրատապ նիւթին մասին:
«ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ»