
ԵՐԵՒԱՆ, «Ռադիօլուր».– 22 Հոկտեմբերին Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի Տաւուշի մարզ տուած այցելութեան առաջին կանգառը Հայաստանի Հանրապետութեան Կեդրոնական դրամատան «Դիլիջան» ուսումնահետազօտական կեդրոնն էր: Անոր շինարարութիւնը սկսած էր 2009ին եւ աւարտած այս տարուան Յունուարին: Կեդրոնը գործելու սկսած է 2 Սեպտեմբերէն: Արդէն հոն տեղափոխուած են Կեդրոնական դրամատան որոշ վարչութիւններ, մասնաւորապէս՝ դրամավարկային քաղաքականութեան վարչութեան օրինակներու պատրաստութեան եւ կանխատեսումներու բաժինը:
Կեդրոնական դրամատան նախագահ Արթուր Ջաւադեան համոզուած է, որ կեդրոնին մէջ ստեղծուած պայմանները լիովին կը նպաստեն ուսումնասիրութիւններու յաւելեալ արդիւնաւէտութեան: «Դիլիջան» ուսումնահետազօտական կեդրոնին մէջ աշխատողներուն համար Դիլիջանի մէջ կառուցուած է նաեւ բազմաբնակարան բնակելի շէնք: Այդ շէնքի առաջին յարկին վրայ կայ «Բողբոջ» ցերեկային ժամանցի մանկական կեդրոնը, ուր կը յաճախեն դրամատան աշխատակիցներուն 2-6 տարեկան 15 երեխաները: Մանկական կեդրոն կրնան յաճախել նաեւ Դիլիջանի եւ յարակից բնակավայրերու երեխաներ: Մանկապարտէզը նախատեսուած է 60 երեխայի համար:
«Դիլիջան» ուսումնահետազօտական կեդրոնին մէջ կը կատարուին նաեւ ծրագիրներ Հայաստանի մէջ ամերիկեան համալսարանին հետ համատեղ: Ներկայ դրութեամբ այդ ծրագիրներուն կը մասնակցին 17 ուսանողներ, որոնցմէ եօթն դրամատան տարբեր ստորաբաժանումներու աշխատակիցներ են: Այստեղ կը դասաւանդեն Եւրոպայի եւ Միացեալ Նահանգներու առաջատար ուսումնական հաստատութիւններէն հրաւիրուած մասնագէտներ:
Դիլիջանի մէջ «Այբ» դպրոցի հետ համատեղ կը կառուցուի նաեւ դպրոցի նոր մասնաշէնք, որուն աշխատանքները նախատեսուած է աւարտել յաջորդ ուսումնական տարուան սկիզբը: Ներկայիս դպրոցին աշխատանքները կը կատարուին «Դիլիջան» ուսումնահետազօտական կեդրոնին մէջ, ուր ուսում կը ստանան դրամատան աշխատակիցներուն զաւակները։ Կեդրոնական դրամատունը նաեւ կարելիութիւն տուած է, որ այս դպրոցին մէջ անվճար ուսում ստանան Դիլիջանի բնակիչներուն երեխաները:
Նախագահ Սերժ Սարգսեան այցելեց նաեւ Դիլիջանի միջազգային դպրոց, ուր անոր ներկայացուեցաւ իրականացուող շինարարական աշխատանքներուն ընթացքը: Դիլիջանի միջազգային դպրոցը իր դռները պիտի բանայ 2014ի Սեպտեմբերին: Առաջին ուսումնական տարեշրջանին անիկա պիտի ընդունի 90 աշակերտ: Կ՛ակնկալուի, որ մինչեւ 2023 թուական հոն յաճախեն 650 աշակերտներ՝ աշխարհի 60 երկիրներէ:
Դպրոցին մէկ տարուան սակը 30 հազար տոլար է, սակայն աշակերտներուն 90 տոկոսը դպրոցին մէջ պիտի ուսանին անվճար՝ բարերարներու կողմէ յատկացուած կրթաթոշակներուն շնորհիւ: Դիլիջանի միջազգային դպրոցի հիմնական շինարարութեան եւ կահաւորման պիւտճէն մօտաւորապէս 190 միլիոն տոլար է: Այս ամսուան դրութեամբ դպրոցի շինարարութեան վրայ աշխատած է միջինը 730 մարդ՝ 310,000 դրամ միջին աշխատավարձով: Շինարարութեան մէջ կ՛աշխատին 280 դիլիջանցի եւ շուրջ 115 աշխատակիցներ Տաւուշի եւ Լոռիի մարզերէն: