
ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- ՀԲԸՄի Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան երկրորդական վարժարանի աշակերտներէն Դրօ Մկրտիչեան արժանացաւ Փասատինայի ոստիկանութեան հիմնարկի

Պեռնարտ Մելեքեանի անուան «Արտակարգ երիտասարդ» տարեկան մրցանակին։
Այս հիմնարկը ամէն տարի կը պատուէ պատանի մը, որ ուսումնապէս յաջողակ է ու ներշնչող, իր կամաւոր ծառայութիւնը կը բերէ ընկերութեան, ինչպէս նաեւ՝ դրական կերպար է իր տարեկիցներուն համար։
Փոքր տարիքէն Դրօն հետաքրքրուած է «Էֆ.Պի.Այ.»ի գործունէութեամբ: Դրոյին թեկնածութիւնը առաջարկող գրութեան մէջ, դպրոցի տնօրէնուհի դոկտ. Թալին Քարկոտորեանը հետեւեալ խօսքերով կը ներկայացնէ աշակերտը. «Դրօն շատ զգուշութեամբ կ՛ընտրէ իր գործունէութիւնը։ Ան գործօն է այն կազմակերպութիւններու, ակումբներուն եւ հաստատութիւններուն մէջ, որոնք կը նպաստեն «Էֆ.Պի.Այ.»ի գործակատար ըլլալու իր հեռանկարին։ Դրօն գիտէ հետապնդել իր նպատակները. ան ազնիւ է, հոգատար, յարգալիր՝ յատկանիշներ, որոնք անհրաժեշտ են իրաւապահութեան ասպարէզին համար»։
Մրցանակաբաշխման հանդէսին ներկայ եղած 250 հիւրերուն մէջ կը գտնուէին նաեւ բազմաթիւ պետական պաշտօնեաներ, ներառեալ՝ Քալիֆորնիոյ նահանգի ծերակուտական Քարոլ Լիու, Լոս Անճելըսի տարածաշրջանի վերահսկիչ Մայքըլ Անթոնովիչ, Փասատինայի ոստիկանապետ Ֆիլիփ Սանչեզ, Սան Մարինօ քաղաքի ոստիկանապետ Թիմըթի Հերիկըն եւ այլ բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ։
Իր երախտագիտական խօսքին մէջ, աշակերտը շնորհակալութիւն յայտնեց վերոյիշեալ հիմնարկին, իր ընտանիքին, իր դպրոցին եւ աւելցուց. «Յոյսով եմ, որ այս մրցանակը նոր դռներ պիտի բանայ ու պիտի օգնէ, որ ես կարենամ հասնիլ իմ նպատակիս։ Ոստիկանապետ Պեռնարտ Մելեքեան համոզուած էր, որ յանցագործութիւններու լուծումը զէնքերու մէջ չէ, այլ՝ կեանքը արժեւորելու գիտակցութեան մէջ։ Այս խօսքը եղաւ իմ ներշնչման աղբիւրը։ Ինծի համար պատիւ է ստանալ իր անունը կրող մրցանակը։ Իմ երազս է պաշտպանել օրէնքը ու ծառայել համայնքիս եւ երկրիս»։
(Թղթակցութիւնը՝
վարժարանէն)