
ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».– 20 Հոկտեմբերին Հայաստանի Գրողներու միութեան արտակարգ համագումարին ընթացքին միութեան նախագահ ընտրուեցաւ բանաստեղծ, արձակագիր, Հայաստանի ազգային գրահրատարակչական գործակալութեան տնօրէն Էդուարդ Միլիտոնեանը: Փակ գաղտնի քուէարկութեամբ ան ստացաւ 199 ձայն:
Միութեան նախագահի միւս թեկնածուներէն բանաստեղծ, Ժողովրդական արուեստի թանգարանի տնօրէն, մշակոյթի նախկին նախարար Յովիկ Հովէյեանը ստացաւ 100 ձայն, արձակագիր, Հայաստանի ազգային գրադարանի երկարամեայ տնօրէն Դաւիթ Սարգսեանը՝ 24, իսկ բանաստեղծ Ռոմիկ Սարդարեանը՝ 4 ձայն:
Համագումարը սկսաւ շատ բուռն, լարուած կիրքերով շիկացած մթնոլորտի մէջ: Թէեւ ֆիզիքական բախումներ տեղի չունեցան, սակայն կարգ մը մասնակիցներ կորսնցուցին իրենց ջիղերը։ Բանաստեղծ Աշոտ Խաչատրեան զարմանք յայտնեց այն մասին, որ համագումարի նախագահութեան մէջ տեղ գտած է գրականագէտ Աւիկ Իսահակեանը. զայն քանի մը անգամ հեռացուցին դահլիճէն: Ապա բացայայտուեցաւ, որ համագումարը քարտուղարութիւն չէ ընտրած, ինչ որ վէճերու դուռ բացաւ, թէ պէ՞տք է ատենագրութիւն պահուի կամ բաւարար է տեսերիզի արձանագրութիւնը։
Էդուարդ Միլիտոնեանի ստացած 199 ձայներէն 40ը Հայաստանի Գրողներու միութեան սփիւռքահայ անդամներու ձայներն էին: Սփիւռքի ձայներուն պատճառով ալ բաւական լուրջ անախորժութիւններ տեղի ունեցան համագումարին ընթացքին:
Յիշեցնենք, որ այս ամրան կայացած վերջին համագումարին ընթացքին կանոնադրական փոփոխութիւններ կատարուած էին՝ ներառելով սփիւռքահայ գրողները Հայաստանի Գրողներու միութեան լիիրաւ անդամ դարձնելու հարցը:
«Ազատութիւն» կայանի լրագրող Գայեանէ Դանիէլեան կը գրէ. «Գրողների միութեան անդամների մի մասը, մինչդեռ, գտնում էր, որ սփիւռքահայ գրողները իրաւունք չունեն քուէ տալու: Ծնունդով լիբանանահայ, վերջին տարիներին Երեւանում ապրող բանաստեղծ Սագօ Արեանը ամպիոնից յայտարարեց, որ քուէարկութեան իրաւունք պէտք է ունենան միայն համագումարին ներկայ գտնուող սփիւռքահայ գրողները, իսկ հեռակայ քուէարկութիւնն անընդունելի է: Նախագահութիւնից, սակայն, հակադարձեցին, որ կանոնադրական փոփոխութիւնները հաստատուել են նախորդ համագումարում»:
«Երբ նրանք կը գան այստեղ, ընտրելու իրաւունք կ՛ունենան: Իսկ եթէ այստեղ չեն, չպիտի ընտրեն», կայանին յայտնած է «Սփիւռք» գիտաուսումնական կեդրոնի տնօրէն, Երեւանի պետական մանկավարժական համալսարանի բանասիրութեան բաժանմունքի հայ նոր գրականութեան ամպիոնի վարիչ, գրականագէտ Սուրէն Դանիէլեանը:
Այդուհանդերձ, սփիւռքահայ գրողներու ձայները չհաշուելու պարագային ալ Էդուարդ Միլիտոնեանը, ըստ 20 Հոկտեմբերի քուէարկութեան արդիւնքներուն, իր մրցակիցներէն աւելի քուէներ ստացած էր։
«Իրենք՝ թեկնածուները միմեանց նկատմամբ շատ բարեկիրթ վերաբերմունք ունէին, որեւէ մէկը միւսին չսեւացրեց, որեւէ վատ բան չասաց, հանդէս եկան իրենց ծրագրային դրոյթներով», կը գրէ «Ազատութեան» թղթակիցը:
Ընտրութենէն ետք Գրողներու միութեան նորընտիր նախագահը «Ազատութեան» յայտնած է. «Հիմա այս պահին կանգնել ծրագրերից խօսել կարծում եմ, մի քիչ յարմար պահ չէ, էլի: Բայց այն ծրագրերը, որ ես եմ առաջարկել, պիտի փորձենք բոլոր մեր գրող ընկերների հետ իրագործել»:
Դաւիթ Սարգսեան «Ազատութիւն» կայանին յայտնեց, որ արդէն շնորհաւորած է Էդուարդ Միլիտոնեանը: Գնահատելով ընտրութիւններուն ընթացքը՝ ան ըսաւ. «Այսօրուայ համագումարի օրակարգում մէկ հարց կար՝ Գրողների միութեան նախագահի ընտրութիւնն էր, բայց յարակից նաեւ բաւական խնդիրներ առաջ եկան՝ ընտրութիւնների կարգի հետ կապուած, յատկապէս դա վերաբերում էր Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքում օտարերկրեայ քաղաքացիների ընտրութեան իրաւունքին: Մնացեալը՝ գրողները ընտրեցին, իրենց ընտրութեամբ բաւական մեծ տարբերութեամբ ընտրուեց Էդուարդ Միլիտոնեանը, որին եւ ես սրտանց շնորհաւորեցի եւ պատրաստ եմ իմ բոլոր կարելիութիւնները, իմ բոլոր մտայղացումները կիսել նրա հետ, իր հետ իրագործել՝ ի շահ մեր Գրողների միութեան վարկանիշի բարձրացման, գրողի դերի կարեւորման, գրողի կեցուածքի վերականգնման՝ մեր հասարակութեան մէջ»: