
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստանի, Արցախի եւ æաւախքի թեմերու ներկայացուցիչները սիրոյ, հաւատքի ու հաւատարմութեան ուխտերթով հասան Էջմիածին եւ արժանացան Ամենայն հայոց կաթողիկոսի օրհնութեան: 20 Հոկտեմբերին կայացած ուխտերթին կը մասնակցէին տարբեր տարիքի շուրջ եօթը հազար հաւատաւորներ՝ հասարակական կազմակերպութիւններէ, երիտասարդական միութիւններէ, այլ կառոյցներէ:
Ուխտաւորները հաւաքուած էին Էջմիածին քաղաքի մուտքին մօտակայքը գտնուող Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի աջի արձանին մօտ, ուրկէ քայլարշաւով ուղղուած են Մայր տաճար:
Երեւանի մէջ ուխտաւորները հաւաքուած էին Ազատութեան հրապարակին վրայ, ուրկէ Արարատեան Հայրապետական թեմի առաջնորդական փոխանորդ Նաւասարդ արք. Կճոյեանի գլխաւորութեամբ քալած են դէպի Հանրապետութեան հրապարակ, հոնկէ՝ Էջմիածին, ուր միացած են միւս ուխտաւորներուն:
Ուխտերթի կազմակերպիչներուն համաձայն, նախաձեռնութեան նպատակն էր վերահաստատել հայ եկեղեցւոյ առաքելութեան անբեկանելիութիւնն ու անխաթարութիւնը՝ հակառակ բոլոր հոսանքներու քարոզչութեան: Ուխտը բացառիկ էր իր մեծութեամբ եւ կազմակերպուածութեամբ:
Հայ եկեղեցւոյ երիտասարդաց միաւորման Կեդրոնական գրասենեակի տնօրէն Գէորգ Մկրտչեան նշած է, որ մարդիկ հաւաքուած են սիրոյ, հաւատքի եւ հաւատարմութեան ուխտերթի խորհուրդով: «Սա ոչ թէ ինչ որ բանի դէմ է, այլ յանուն է, յանուն այն արժէքների, որի կրողն ու պահպանողն են հայ երիտասարդները: Մենք գիտենք, որ նորանկախ մեր պետականութեան առջեւ շատ մարտահրաւէրներ կան ծառացած: Կարեւոր է, որ կարողանանք պահպանենլ մեր հոգեւոր անվտանգութիւնը, որը հիմքն է մնացած յաջողութիւնների եւ ձեռքբերումների», դիտել տուած է Գէորգ Մկրտչեան:
Քրիստոնէութեան պետական կրօն դառնալու 1700ամեակի առիթով կառուցուած Ս. Տրդատ բաց խորանին մէջ Գարեգին Բ. կաթողիկոս իր հայրապետական օրհնութիւնը տուած է ուխտաւորներուն, որոնք միասին ծնրադրած ու երգած են «Տէր Ողորմեա» եւ հոգեւոր այլ շարականներ՝ խորհրդաւոր ու հոգեպարար մթնոլորտ ստեղծելով։