ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– «Էրեբունի» ռազմական օդակայանին մէջ 18 Հոկտեմբերին կայացած է «Միգ-29» տեսակի օդանաւերուն կայանին մէջ գործելու 15ամեակին նուիրուած տօնական հանդիսութիւն:
Այս ծիրին մէջ կայացած է հանդիսաւոր հաւաք, որուն ընթացքին յոբելեարները շնորհաւորելու եկած են Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ անվտանգութեան դաշնային ծառայութեան Սահմանապահ վարչութեան, ռուսական 102րդ ռազմակայանի ներկայացուցիչներ եւ հիւրեր:
Դիմելով հաւաքի մասնակիցներուն՝ օդակայանին տնօրէն, գնդապետ Ալեքսանտր Փեթրով ընդգծած է, որ անձնակազմը ըստ արժանւոյն կը կատարէ իր վրայ դրուած պարտականութիւնները։ «Փոխւում է կեանքը, փոխւում են հայեացքները, սակայն մեր նպատակն անփոփոխ է՝ Հայաստանի կապոյտ եւ խաղաղ երկնքի պաշտպանութիւնը», նշած է Ալեքսանտր Փեթրովը: Աւարտին ան մաղթանքներ կատարած է. «Այն ամէնը, դուք ինքներդ ձեզ կը ցանկանաք: Թող երեխաներն ուրախացնեն ձեզ, ծնողներն էլ երկար ապրեն»:
Իրենց աշխատանքին մէջ իւրայատուկ նկատուող զինուորներուն յանձնուած են պատուոյ գիրեր եւ արժէքաւոր նուէրներ։ Հաւաքը աւարտած է հանդիսաւոր շքերթով։
Հանդիսաւոր բաժինէն ետք ներկաները դիտած են «Մի 8» եւ «Մի 24» ուղղաթիռներու թռիչքը, ինչպէս նաեւ «Մարտի դաշտից վիրաւորի տարհանումը»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.