ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».– Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարի գլխաւորած պատուիրակութիւնը մեկնած է Պելճիքա՝ մասնակցելու 22-23 Հոկտեմբերին տեղի ունենալիք Աֆղանիստանի եւ Քոսովոյի մէջ առաքելութիւններուն մասնակցող երկիրներու պաշտպանութեան նախարարներու հերթական նիստերուն:
Պրիւքսէլի մէջ ՆԱԹՕի կեդրոնակայանին մէջ տեղի ունենալիք ժողովներուն զուգահեռ նախատեսուած է, որ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարը կողմնակի հանդիպումներ ունենայ գործընկեր երկիրներու պաշտպանութեան նախարարներուն եւ ՆԱԹՕի ռազմական ղեկավարութեան հետ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.