ԹԵՀՐԱՆ, «Ռոյթըրզ».- Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի յայտնեց, որ «հիւլէական ճարտարագիտութեան տիրանալն ու Իրանի մէջ իւրանիոմ հարստացնելը բանակցելի հարցեր չեն, եւ իրանցի ժողովուրդը պէտք է անկէ վստահ ըլլայ»:
Իրանի կառավարութեան նիստին ընթացքին իր կատարած այս յայտարարութեան մէջ, նախագահը աւելցուց, որ «հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան նկատմամբ մեր քաղաքականութիւնը՝ մեր հիւլէական կայաններուն հսկողութեան առջեւ բաց դռներու քաղաքականութիւն է»: Ան նաեւ նշեց, որ «Ուաշինկթընի հետ յարաբերութեանց վրայ իշխող մթնոլորտը մութ եւ մշուշոտ է»:
Միւս կողմէ, Իրանի խորհրդարանի Ազգային եւ արտաքին քաղաքականութեան հարցերով յանձնախումբի նախագահ Հիւսէյն Նաքուի Հիւսէյնի ողջունեց Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ թռիչքները վերահաստատելու գաղափարը: Ան նշեց, որ բազմաթիւ իրանցի քաղաքացիներ Ամերիկա կը բնակին եւ կը փափաքին Իրան այցելել: «Անկասկած, անոնք մեծապէս պիտի ողջունեն այդ թռիչքներուն հաստատումը», ըսաւ ան:
Միւս կողմէ, Պէյրութի մէջ դիւանագիտական աղբիւրներ «Ժումհուրիյա» թերթին յայտնած են, թէ յառաջիկայ օրերուն, իրանեան եւ սէուտական կողմերուն միջեւ տեղի պիտի ունենան հանդիպումներ՝ վեհաժողով մը իրականացնելու նպատակով: Ըստ թերթին՝ «Սէուտական Արաբիոյ թագաւորին հրաւէրով ուխտագնացութենէն Ռուհանիի հրաժարելու պատճառը՝ սէուտական-իրանեան քննարկումներուն ընթացքին Թեհրանի եւ Ռիատի միջեւ շարք մը թղթածրարներու ամբողջացած չըլլալն է»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.