ԴԱՄԱՍԿՈՍ, «Ա.Էֆ.Փէ.».- Շաբաթներէ ի վեր տեղի ունեցող բուռն բախումներէ ետք, սուրիական բանակը Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 3ին իր վերահսկողութեան տակ առած է Համա քաղաքը կեդրոնական Սուրիոյ եւ Հալէպին կապող մատակարարման գլխաւոր ճամբուն վրայ ռազմավարական դիրք ունեցող Խանասեր գիւղը: Սուրիական «Ուաթան» օրաթերթը հաղորդած է Սալմիա-Հալէպ ճամբուն վրայ գտնուող Խանասեր գիւղը բանակի հակակշիռին տակ իյնալու լուրը՝ նշելով, որ ատիկա յառաջիկայ օրերուն դէպի Հալէպ «օժանդակութեանց մատակարարման ճամբան պիտի հարթէ եւ ձախողութեան պիտի մատնէ քաղաքը սովի մատնելու ընդդիմադիր զինեալներուն փորձերը: Թերթը նշած է, որ սննդեղէնով եւ բժշկական օժանդակութեամբ բեռնաւորուած բեռնակառքեր պատրաստ են Հալէպ ուղղուելու:
Միւս կողմէ, ամերիկեան «Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթը, յղում կատարելով ամերիկացի պաշտօնատարներու՝ հաղորդեց, որ «Սի.Այ.Էյ.»ը մեծ ջանք կը թափէ մարզելու համար այն զինեալները, որոնք 2.5 տարիէ ի վեր սուրիական կառավարութեան դէմ կը կռուին:
Ըստ օրաթերթին՝ կը նախատեսուի, որ այս ծրագիրը իւրաքանչիւր ամիս հարիւրաւոր մարզուած զինեալներ «արտադրէ», սակայն ամերիկացի պաշտօնատարներու կարծիքով՝ այդ թիւը զինեալներու ուժի ամրապնդման տեսանկիւնէն չնչին ազդեցութիւն պիտի ունենայ: «Սի.Այ.Էյ.»ը յաւելեալ զինեալներ ուղարկած է Յորդանան գտնուող մարզումի գաղտնի կեդրոնները՝ փորձելով իր պատրաստած զինեալներուն թիւը կրկնապատկել: Ըստ ամերիկացի ներկայ եւ նախկին պաշտօնատարներու՝ 2013ին «Սի.Այ.Էյ.»ի կողմէ մարզուած սուրիացի զինեալներուն թիւը հասած է հազարի:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.