ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի գլխաւորութեամբ 25 Սեպտեմբերին տեղի ունեցած է «Սիրիահայերի հիմնախնդիրները համակարգող յանձնաժողով»ի նիստը: Սուրիայէն եկած ու ապաստան հայցողներուն հետ տարուող աշխատանքներուն վերաբերեալ զեկուցումով հանդէս եկած է Հայաստանի Տարածքային կառավարման նախարարութեան Գաղթականութեան պետական ծառայութեան պետ Գագիկ Եգանեանը:
Ան ներկայացուցած է թուային տուեալները՝ իրենց դիմած սուրիահայերուն եւ նշած, որ ի տարբերութիւն այլ երկիրներու, սուրիահայերուն հետ տարուող աշխատանքը կատարուած է բաւական արագ, փորձելով միշտ յատուկ ուշադրութիւն դարձնել անոնց:
Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան Մերձաւոր եւ Միջին Արեւելքի երկիրներու վարչութեան պետ Լուսինէ Ստեփանեանը ներկայացուցած է Նոր Հալէպ թաղամասի կառուցման նպատակով Հայաստանի կառավարութեան որոշման գործադրութեան վերաբերեալ տեղեկատուութիւն: Նշուած է, որ լուծուած է հողայատկացման հարցը, ներկայիս կը կատարուին տարածքի երկրաբանական հետազօտութիւնները:
Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան կատարած աշխատանքներուն վերաբերեալ հաղորդումով հանդէս եկած է Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան նախագահ Յարութիւն Ներսիսեանը: Ան պատրաստակամութիւն յայտնած է աջակցելու թաղամասի կառուցման գործին:
Ամփոփելով նիստը՝ նախարարը նշած է, որ սուրիահայերուն համար առաջնահերթ խնդիր կը շարունակէ մնալ կացարան ունենալու հարցը։ Քննարկման ընթացքին անդրադարձ կատարուած է նաեւ սուրիահայ ուսանողներուն կրթաթոշակներու փոխհատուցման, մայրենի լեզուի ուսուցման լրացուցիչ ծրագիրներ մշակելու վերաբերող հարցերուն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.