
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.– Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 26 Սեպտեմբերին ստորագրած է հրամանագիր մը՝ Բրիտանիոյ Լորտերու պալատի անդամ պարոնուհի Քերոլայն Քոքսը՝ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մատուցած ծառայութիւններուն համար «Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով պարգեւատրելու մասին:
Պարոնուհի Քարոլայն Քոքսի Հայաստան եւ Արցախ կատարած 80րդ այցելութեան ընթացքին անոր կ՛ընկերակցէր Ամերիկայի Արեւմտեան ափի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Միշէլ Յակոբեանը: Քարոլայն Քոքսի ղեկավարած ոչ կառավարական «HART» կազմակերպութեան վերականգնողական կեդրոնը պիտի բանայ Արցախի մէջ:
Պարոնուհի Քոքսի մարդասիրական կազմակերպութեան անդամները պիտի մեկնին Ղարաբաղ, ուր հանդիպումներ պիտի ունենան հանրապետութեան ղեկավարութեան ու հոգեւորականներուն հետ: Անոնք Լեռնային Ղարաբաղ պիտի երթան ուղղաթիռով, զոր նուիրաբերուած է պարոնուհի Քոքսին՝ Հայաստանի կառավարութեան կողմէ անոր 80րդ այցելութեան պատուին:
Անոր վերականգնողական կեդրոնը միջազգայնօրէն ճանչցուած է եւ կը գործէ Հարաւային Կովկասի մէջ: «Հայաստանի հոգին, որ ոչ միայն կը վերապրի, այլեւ մոխիրէն յառնող գեղեցկութիւն կը ստեղծէ, կը տարածուի ոչ միայն Ղարաբաղի ու Հայաստանի մէջ, այլ նաեւ անոր սահմաններէն դուրս», յայտնած է Քոքս։
«Մեծ պատիւ է ուղեկցիլ պարոնուհի Քոքսին՝ Լեռնային Ղարաբաղ իր 80րդ այցելութեան ընթացքին: Անոր ամէն ըրածին մէջ ցայտուն կերպով կ՛երեւին նուիրուածութիւնն ու սէրը: Մենք իսկապէս բախտաւոր ենք, որ նման անձնաւորութիւն մը կը պայքարի մեր իրաւունքներուն համար», յայտնած է Միշէլ Յակոբեանը:
Պարոնուհի Քոքս 23 Սեպտեմբերին հանդիպում ունեցած է Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ, որ շնորհակալութիւն յայտնած է անոր՝ տարիներ շարունակ արցախահայութեան կողքին ըլլալուն համար, մանաւանդ ամէնէն օրհասական պահերուն եւ յաճախ վտանգելով իր կեանքը՝ անգնահատելի աջակցութիւն ցուցաբերելով արցախցիներուն:
«Մենք անչափ բարձր ենք գնահատում ձեր արիութիւնը, մարդասիրութիւնը, ազնուութիւնն ու խաղաղութեան եւ ազատութեան պաշտպանութեան դիրքերում ձեր հաստատուն կեցուածքը, կարեւորում ձեր իւրաքանչիւր այցը: Ձեր գործադրած հսկայածաւալ ջանքերը մեծ արժէք ունեն նաեւ Ղարաբաղեան պատերազմի տարեգրութիւնն ամրագրելու տեսանկիւնից: Դուք վայելում էք եւ մշտապէս վայելելու էք հայ ժողովրդի ճանաչումը, մեծարանքն ու սէրը», նշած է նախագահ Սարգսեանը:
Պարոնուհի Քոքս նախագահին հետ բաժնեկցած է Արցախ եւ Հայաստան կատարած իր բազմաթիւ այցելութիւններէն ունեցած անկրկնելի տպաւորութիւնները՝ ընդգծելով, որ երջանիկ է Արցախի հերոսական ժողովուրդը ճանաչելու, դժուար պահերուն անոր կողքին ըլլալու կարելիութեան եւ Արցախի այսօրուան ձեռքբերումներուն եւ յաջողութիւններուն համար:
Ան պատրաստակամութիւն յայտնած է յետ այսու եւս իր կարելութեան սահմաններուն մէջ աջակցիլ հայ ժողովուրդին, նպաստել հայ-բրիտանական կապերու սերտացման: Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուած է նաեւ տարածաշրջանային խնդիրներուն ու մարտահրաւէրներուն, Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման գործընթացին։