ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Եթէ օտար մը Հայաստանի մէջ նօտարին կողմէ հաստատուած գործարքով ձեռք բերէ առնուազն 40 միլիոն դրամ արժող անշարժ գոյք, պիտի ստանայ 10 տարուան կեցութեան կարգավիճակ: Հայաստանի կառավարութիւնը իր նիստին հաստատեց «Օտարերկրացիների մասին» Հայաստանի օրէնքին մէջ փոփոխութիւններ եւ լրացումներ կատարելու նախագիծը, որով կ՛առաջարկուի վերոյիշեալ դրութիւնը վաւերացնել։
Արդարադատութեան նախարար Հրայր Թովմասեանը նշեց, որ գործող օրէնքով նախատեսուած հիմքերը բաւարար չեն դէպի Հայաստան օտարներուն հոսքը խրախուսելու, վերջիններուն կողմէ ներդրումներու իրականացման նպաստելու։ «Այս համալիր ծրագրի տարրերից մէկն այն է, որ եթէ օտարերկրացիները Հայաստանի Հանրապետութիւնում բնակարան ձեռք բերեն, մենք նրանց համար կարճ ժամկէտում կը ստեղծենք յարմարաւէտ միջավայր, որպէսզի այդ մարդիկ վստահ լինեն, որ արագօրէն կը ստանան կացութեան վկայական եւ Հայաստան մուտք գործելու որեւէ խնդիր չեն ունենայ», յայտնած է վարչապետ Տիգրան Սարգսեան:
Վարչապետին համաձայն՝ այս փոփոխութիւններով փորձ կը կատարուի օտարներուն համար Հայաստանը դարձնելու յարմարաւէտ եւ խրախուսելու անոնց ներդրումները:
Ներկայիս օտարի մը մնայուն կեցութեան կարգավիճակ կը տրամադրուի 5 տարուան համար՝ իւրաքանչիւր անգամ նոյն ժամկէտով երկարաձգելու կարելիութեամբ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.