
ԵՐԵՒԱՆ.– 1983ի 6 Հոկտեմբերին խումբ մը յանդուգն երիտասարդներ Մգրոյի՝ Մկրտիչ Սարգսեանի գլխաւորութեամբ հիմնած են «Մարաթուկ» ազգագրական երգի եւ պարի համոյթը: Հակառակ ամէն տեսակ մարտահրաւէրներուն, խումբը հաւատարիմ մնացած է իր առաքելութեան։
25 Սեպտեմբերին համոյթի հին ու նոր անդամները Կաթնաղբիւր այցելած են՝ խումբի հիմնադիրին տարելիցին առիթով՝ յիշողութիւնները թարմացնելու եւ անցած ուղին ամփոփելու համար:
Հնչած է ազգային երաժշտութիւնը եւ ելոյթ ունեցած են երիտասարդ մարաթուկցիները: Լեւոն Մկրտչեանը խումբի հին անդամներէն է. ան յայտնած է, որ Գրողներու միութեան կեդրոնին մէջ մեծ դժուարութեամբ կարելի եղած է կազմակերպել իրենց առաջին համերգը, որ իրեն համար ճակատագրական դարձաւ, որովհետեւ ինք եւս որոշեց պեխ ձգել եւ մարաթուկցի դառնալ։ Մարաթուկցիներուն համաձայն, այդ աւանդական արտաքինով եւ ազգային տարազով երբ Մգրոյին հետ կը բարձրանային բեմ՝ ժողովուրդը իրենց մէջ կը տեսնէր Անդրանիկը, Չաւուշը, տարբեր հերոսներ, որոնց անունն անգամ արգիլուած էր արտասանել. «Նրա շուրջը հաւաքուեցին յատուկ մարդիկ, որոնք գալիս էին, տեսնում էին Մգրոյին, եւ բոլորը բեղ էին պահում»:
Խումբը ծնունդ առած է Խորհրդային ծանր տարիներուն, երբ արգիլուած էր ոեւէ ֆետայիի անուն տալ, «բայց խմբի հիմնադիրը՝ Կաթնաղբիւրցի Մգրոն, համարձակւում էր իր խմբով բեմ դուրս գալ եւ երգել «Քաջ Անդրանիկ» երգը»: Խումբի անդամները վարժուած էին, որ իւրաքանչիւր ելոյթէ ետք ապահովական ուժերը պիտի գային եւ բացատրութիւն պահանջէին Մգրոյէն։
Խումբը հետզհետէ կը մեծնայ։ Մգրոյին շուրջ կը հաւաքուին երիտասարդներ, որոնք կը գիտակցին, թէ Մգրոն Մարաթուկը բերած էր սահմանէն այն կողմ գտնուող հայրենիքէն: Մեծագոյն առանձնայատկութիւնը եղաւ այն, որ 1983 թուականին խումբը կրցաւ ռումբի պէս պայթեցնել ազգայինը:
Մկրտիչ Սարգսեան երաժշտական կրթութիւն չունենալով հանդերձ, կրնար երգեր գրել, մշակել՝ իր զգացումով: «Նա կարողացաւ ցուրտ դահլիճներում, սովետական քարոզչական ապարատին հակառակ՝ հաւաքել մարդկանց եւ նրանց մէջ իր երգերով սերմանել ազգայինը», կը վկայեն ընկերները:
Մգրոյին ընկերները կը յիշեն զայն՝ իր պարզութեամբ ու կոպտութեամբ: Ան կը հաւատար, որ օր մը պիտի քաշուին Մարութայ սարի ամպերը, եւ իրենք այնտեղ՝ Մշոյ խըռ, Եարխուշտայ պիտի պարեն, բայց ոչ որպէս ուխտաւորներ: