
«Թալիշ ժողովուրդին երազն է սեփական ազգային պետութիւն կառուցելը, այդ մէկուն համար կը գործէ Թալիշական ազգային շարժումը»: 25 Սեպտեմբերին Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեանի հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին այս յայտարարութիւնը կատարած է Թալիշական ազգային շարժման առաջնորդ, յայտնի հասարակական-քաղաքական գործիչ Ալաքրամ Հումմաթովը (Հումմաթզօտա):
Արցախ տուած անոր կարճատեւ այցելութեան ընթացքին անոր կ՛ընկերակցէին Երեւանի պետական համալսարանի իրանագիտութեան ամպիոնի վարիչ, իրանագիտութեան Կովկասեան կեդրոնի տնօրէն, բանասիրական գիտութիւններու տոքթոր, փրոֆ. Գառնիկ Ասատրեանը:
Զրոյցին ընթացքին անդրադարձ կատարուած է հայ եւ թալիշ ժողովուրդներու բարեկամութեան դարաւոր պատմութեան: Երկուստեք ափսոսանքով նշած են, որ նախնիներուն ձգած այդ բարի աւանդոյթները վերջին տասնամեակներուն յայտնի պատճառներով գրեթէ մոռացութեան մատունած են:
Ա. Հումմաթովի համաձայն, ինք եւ իր հայրենակիցները ուշադրութեամբ կը հետեւին Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին ձեռքբերումներուն՝ անկախ պետականութեան կառուցման ճամբուն վրայ, եւ անոր համար ան շնորհաւորած է Արցախի խորհրդարանի նախագահը։