ԵՐԵՒԱՆ, »Արմէնփրէս«.– Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի եւ ֆրանսահայ բարերար Յովհաննէս Չիլինգիրեանի մասնակցութեամբ Մայր աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ 10 Սեպտեմբերին պիտի բացուի Ռուբէն Սեւակի անուան թանգարան:
18րդ դարուն կառուցուած Ղազարապատ կոչուած շէնքին մէջ տեղակայուած թանգարանը հիմնովին նորոգուած է Յովհաննէս Չիլինգիրեանի ազնիւ բարերարութեամբ: Թանգարանին մէջ պիտի ցուցադրուի Յ. Չիլինգիրեանի կողմէ Մայր աթոռին նուիրաբերուած բացառիկ եւ արժէքաւոր շուրջ 200 կտաւներ, ինչպէս նաեւ՝ նահատակ նշանաւոր մտաւորական Ռուբէն Սեւակին պատկանող ածխանկարներ, իրեր ու փաստաթուղթեր, պատմական սրբազան ցուցանմոյշներ, հայ արուեստի արժէքաւոր գործեր, արեւմտահայ նկարիչներու հաւաքածոներ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.