ԵՐԵՒԱՆ, »Նիուզ«.– Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը 9 Սեպտեմբերին աշխատանքային այցելութեամբ մեկնած է Չինաստան։
Կառավարութեան մամլոյ ծառայութեան համաձայն, այցելութեան ծիրին մէջ նախատեսուած է, որ վարչապետը հանդիպում ունենայ Չինաստանի վարչապետ Լի Կեցիանի հետ: Պատուիրակութիւնը պիտի մասնակցի Համաշխարհային տնտեսական ֆորումին: Նախատեսուած է նաեւ երկկողմանի փաստաթուղթերու ստորագրութիւն, մասնաւորապէս պայմանագիր՝ առեւտրատնտեսական համագործակցութեան, փոխըմբռնման յուշագիր՝ արտակարգ իրավիճակներու կառավարման ոլորտին մէջ համագործակցութեան մասին: Հանդիպումներ պիտի կայանան նաեւ արհեստագիտութեան ոլորտի քանի մը ընկերութիւններու ներկայացուցիչներու հետ:
Վարչապետին կ՛ընկերակցին կառավարութեան աշխատակազմի ղեկավար-նախարար Վաչէ Գաբրիէլեանը, Հայաստանի արտակարգ իրավիճակներու նախարար Արմէն Երիցեանը, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Սերգէյ Մանասերեանը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.