ԵՐԵՒԱՆ, »Փանորամա«.– Եւրոմիութեան համար կարեւորութիւն ներկայացնող Հայաստանը, Մոլտովիան եւ Ուքրանիան պէտք է յստակացնեն իրենց սեփական ուղին: »Ռեգնում« լրատուական գործակալութեան համաձայն, Փեթերսպուրկի մէջ տուած դասախօսութեան ընթացքին այս տեսակէտը արտայայտած է Եւրոպական խորհուրդի ղեկավար Հերման Վան Ռոմպէյը:
»Մենք ունինք ընդհանուր սահմաններ եւ ընդհանուր դրացիներ: Ուքրանիան, Հայաստանը, Մոլտովիան, որոնք երկուքիս համար ալ կարեւորութիւն ունին, պէտք է յստակացնեն իրենց սեփական ուղին: Սակայն մեր տեսանկիւնէն, Ուքրանիոյ համար Եւրամիութեան հետ համարկման համաձայնագիրը վնաս չի հասցներ Ռուսիոյ հետ վաղեմի յարաբերութիւններուն: Ինչո՞ւ պէտք է առաջադրել »կա՛մ-կա՛մ«ի խնդիր«, հարց տուած է Ռոմպէյ:
Ան ընդգծած է, որ եւրոպական մայր ցամաքին վրայ կարելի չէ հասնիլ կայուն անվտանգութեան, եթէ Ռուսիան ու Եւրամիութիւնը սերտօրէն չհամագործակցին:
»Մենք արդէն իսկ շատ բան ըրած ենք »պաղ պատերազմի« աւարտէն ետք եւ կրնանք հպարտանալ ատով: Միասին մենք պէտք է ընենք աւելին եւ փորձենք լուծել այսպէս կոչուած »ձգձգուող« հակամարտութիւնները, որոնք դեռ առկայ են մեր ընդհանուր դրացիներուն մօտ, ինչպիսին է Մոլտովիոյ մէջ մերձտնեսթրեան հակամարտութիւնը«, յայտարարած է Եւրոպական խորհուրդի ղեկավարը:
Աղբիւրը հետաքրքրական նկատած է այն, որ Ռոմպէյ չէ յիշատակած Վրաստանն ու Ատրպէյճանը շարքին այն երկիրներուն, որոնք նոյնպէս մասնակից են Եւրոպական Միութեան »Արեւելեան գործընկերութեան« ծրագիրին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.