
ԵՐԵՒԱՆ, «Ազգ».– 2011ին Երեւանի մէջ հրատարակուած «Սեւ գիրք» ժողովածուն այս օրերուն լոյս տեսաւ թրքերէն լեզուով: Հայոց Ցեղասպանութեան եւ թրքական ոճիրներուն մասին նշանաւոր օտարներու վկայութիւնները ամփոփող ժողովածուն, զոր կազմած եւ հրատարակած է Ալբերտ Իսոյեանը, այսպիսով մատչելի կը դառնայ նաեւ թուրք եւ թրքերէնով ընթերցող հասարակութեան՝ շնորհիւ թրքագէտ, «Ազգ» օրաթերթի մեկնաբան Յակոբ Չաքրեանի թարգմանութեան եւ խմբագրութեան: Գիրքը, ինչպէս հայերէն տարբերակի պարագային, հրատարակութեան պատրաստած է Արամ Կարապետեանը: (Ի դէպ, հայերէն տարբերակին խմբագիրն էր պատմաբան Պետրոս Յովհաննիսեանը): «Սեւ գիրք»ը լոյս տեսած է, ինչպէս հայերէնի պարագային, Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի մեկենասութեամբ, «Հայագիտակ» հրատարակչատունէն, «Հայրապետ» տպարանէն, դեղնաւուն, ընտիր թուղթի վրայ, ճաշակաւոր, լուրջ կազմով, համապատասխան բովանդակութեան բաժինով. 487 էջէ բաղկացած է անիկա: