
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Ամերիկահայ ճարտարագէտներու եւ գիտնականներու ընկերակցութեան հիմնադրութեան 30րդ տարեդարձին նուիրուած կազմակերպութեան տարեկան ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, Հոկտեմբեր 5ին, երեկոյեան ժամը 7էն սկսեալ, Իրանահայ միութեան Կլենտէյլի կեդրոնը (117 S. Louise Street, Glendale, CA 91205): Ձեռնարկին ընթացքին պիտի յանձնուին մրցանակներ եւ պիտի գործադրուի պաշտօնական յայտագիր, որմէ ետք տեղի պիտի ունենայ պարահանդէս:
Ընկերակցութեան նախագահ դոկտ. Մարտի Քազարեանց կը յայտնէ, թէ ձեռնարկը առիթ մը պիտի ըլլայ տօնելու ընկերակցութեան իրագործումները եւ մեծարելու անոնց նախկին ղեկավարները. նաեւ, առաջին անգամ ըլլալով պիտի շնորհուի ընկերակցութեան «Սպասարկութեան մրցանակ»ը:
Հայ ճարտարագէտներ եւ գիտնականներ ի մի բերելու եւ անոնց դիմագրաւած հարցերը միասնաբար լուծելու նպատակով Կլենտէյլի մէջ 1983ին հիմնուած այս ընկերութիւնը 1986ին կրցած էր ապահովել ոչ շահաբեր կազմակերպութեան կարգավիճակ, Քալիֆորնիոյ եւ մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ, իսկ 1999ին Հայաստանի մէջ արձանագրուած էր իբրեւ ոչ կառավարական կազմակերպութիւն: Ներկայիս անոր մասնաճիւղերը կը գործեն Միացեալ Նահանգներու տարածքին, ներառեալ՝ Նիւ Եորք-Նիւ Ճըրզիի, Նիւ Ինկլընտի, Միշիկընի եւ մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ:
Իր հիմնադրութենէն ի վեր, ընկերակցութիւնը կազմակերպած է հայ գիտնականներու երկու համաշխարհային խորհրդաժողովներ՝ Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի մէջ: Ասոնց կողքին, ընկերակցութիւնը իրականացուցած է շարք մը գիտաժողովներ, աշխատանիստեր եւ դասախօսական ձեռնարկներ, իսկ վերջին 12 տարիներուն՝ հայ աշակերտներու գիտական մրցանքներ: Ընկերակցութիւնը վերջերս նախաձեռնած է նաեւ «Կանաչ Հայաստան» ծրագիրին, որուն նպատակն է Հայաստանի դիմագրաւած կենսոլորտային խնդիրներուն գործնական լուծումներ գտնել. անիկա նաեւ աշխատանք կը տանի աշակերտերներու խորհրդակցական, մարդամեքենաներու մասին դասաւանդութեանց եւ կրթանպաստներու ծրագիրներ իրականացնելու:
Տեղեր ապահովելու կամ յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել http://aesa.org կայքը, կամ դիմել contact@aesa.org հասցէին ու (818) 547-3372 թիւին: