
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ սկսած է ընդունելու այս տարուան աշնանային վարժողական ծրագիրին դիմումնագիրները:
Անոնք, որոնք կը փափաքին իրենց մասնակցութիւնը բերել սոյն ծրագիրին, կրնան այցելել Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբի համացանցային կայքի ուսանողներուն յատկացուած բաժինը՝ ստանալու համար դիմումնագիրէն օրինակներ («For Students» կայքէջը, www.ancaglendale.org կայքին վրայ):
«Մեր ամառնային վարժողական ծրագիրին մասնակցիները նուիրուած աշակերտներ եւ կամաւորներ էին, որոնք վերածուեցան աշխոյժ գործիչներու:
Աշնանային վարժողական ծրագիրին համար նախաձեռնած ենք շարք մը հետաքրքրական աշխատանիստներու եւ աշխատանքի կարելիութիւններու՝ զարգացնելու համար մասնակիցներուն կարելիութիւնները», կը յայտնէ Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Դալար Մալաքեան:
Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբի աշնանային վարժողական ծրագիրը սկսած է 2007ի աշնան, քաղաքական եւ կազմակերպչական աշխատանքի ծալքերը ծանօթացնելու համար աշակերտներու եւ ուսանողներու, որոնք նաեւ փորձառութիւն կ՛ապահովեն՝ աշխատելով հայկական կազմակերպութեանց հետ:
Այս տարուան ծրագիրի մասնակցողներուն դիմումները պէտք է ուղարկուին մինչեւ Սեպտեմբեր 13. վարժողական ծրագիրը պիտի սկսի Սեպտեմբեր 23ին ու պիտի աւարտի Նոյեմբեր 29ին:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբին՝ (818) 243-3444 թիւով կամ info@ancaglendale.org հասցէով: