
Ուրբաթ, Օգոստոս 2ին սկսաւ ՀՅԴ Յունաստանի Պատանեկան միութեան 33րդ 10օրեայ ամառնային բանակումը, Քափանտրիթիի բանակավայրէն ներս:
Բանակումին կը մասնակցին 90 երկսեռ պատանիներ եւ 16 վարիչներ:
Տաս օրուան ընթացքին պատանիները պիտի վարժուին բանակումի կեանքին՝ առաւօտ կանուխ արթննալ, մարզուիլ, վրաններու մաքրութեան հսկել, ջրաւազանին մէջ լոգանք առնել, եւ այլն:
Յատագիրին կարեւոր բաժիններն են՝ դաստիարակչական ծրագիր, յանձնախումբերու աշխատանք, մարզանք:
Դաստիարակչական ծրագիրը կը գործադրուի տարիքային խումբերու բաժանումով, վարիչներու կողմէ ստանձնուած դասախօսութիւններով եւ զրոյցներով, ինչպէս նաեւ այցելու դասախօսներու մասնակցութեամբ:
Նիւթերը կ՛ընդգրեն Հայ Դատի, Հայաստանի, Արցախի, Սփիւռքի գաղութներու եւ հայ մշակոյթի հարցեր: Այնտեղ շեշտը պիտի դրուի հայախօսութեան վրայ:
«Փոքր տարիքի ու առաջին անգամ մասնակցող պատանիներուն համար իրենց ընկերներուն հետ նոյն վայրին մէջ եւ նոյն վրանին տակ ապրիլը բոլորովին նոր փորձառութիւն մըն է: Անոնց կեանքին մէջ նորութիւն մըն է նաեւ գիշերային պահակութեան ժամը, եւ ընդհանուրին մէջ բանակումի կեանքի «արկածախնդրութիւնները», կը նկարագրէ «Նոր Կեանք» օրաթերթը:
Բանակումի փակման հանդէսը նախատեսուած է կատարել յառաջիկայ Շաբաթ օր, 10 Օգոստոսին, երեկոյեան ժամը 6:30էն սկսեալ: