Հայկական երեսփոխանական խմբակի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի, ընկերակցութեամբ Այնճարի քաղաքապետ Կարօ Բամպուքեանի, յաջորդական այցելութիւններ տուաւ զբօսաշրջութեան նախարար Ֆատի Ապպուտի, երկրագործութեան նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասանի եւ մշակոյթի նախարար Կապի Լայունի:
Հանդիպումներուն ընթացքին քննարկուեցան Այնճար աւանին հետ կապուած զանազան խնդիրներ, որոնց կարգին՝ զբօսաշրջութեան զարգացման, փառատօներու կայացման եւ երկրագործութեան ու անտառներու պահպանման վերաբերող խնդիրներ:
Նախարարները խոստացան յատուկ հոգածութիւն ցուցաբերել արծարծուած հարցերուն կապակցութեամբ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.