ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Էյ.Փի.».- Երկուշաբթի, Յուլիս 29ին, մինչ Իսրայէլի եւ Պաղեստինեան իշխանութեանց ներկայացուցչները Ուաշինկթըն կը ժամանէին՝ Իսրայէլապաղեստինեան բանակցութիւնները վերակենդանացնելու նպատակով Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան միջնորդական ջանքերուն մասնակցելու, Քերի յայտարարեց, թէ Միջին Արեւելքի մէջ խաղաղութիւն հաստատելու հարցերով յատուկ պատուիրակ նշանակած է փորձառու դիւանագէտ Մարթին Ինտիքը: Կիրակի օր, Իսրայէլի նախարարաց խորհուրդը որդեգրեց որոշում մը, ըստ որուն՝ պաղեստինցիներուն հետ գոյանալիք խաղաղութեան որեւէ համաձայնութեան շուրջ հանրաքուէ պիտի կատարուի:
Իսրայէլի կառավարութիւնը «բարի կամեցողութեան» քայլով մը նաեւ որոշեց Օսլոյի համաձայնութենէն առաջ բանտարկուած 104 պաղեստինցիներ հանգրուանային ձեւով ազատ արձակել: Պաղեստինեան իշխանութիւնը ողջունեց որոշումը:
Նշենք, որ Պաղեստինեան իշխանութեան ապահովական ուժերը Կիրակի օր Ռամալլայի մէջ բռնի ուժով ցրուեցին Իսրայէլի հետ բանակցութեան վերսկսումը մերժող ցոյց մը, մինչ Կազան իր հակակշիռին տակ պահող «Համաս»ի կառավարութիւնը յիշեցուց, թէ Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս պաղեստինցիները չի կրնար ներկայացնել՝ դատապարտելով բանակցութիւնները սեղան վերադառնալու որոշումը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.