
ՍԻԷԹԸԼ.- Յունիս 4ին, Սիէթըլի մէջ (Ուաշինկթըն նահանգ) կայացաւ Հայց. եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմի Հիւսիսային շրջանի հոգեւորականաց ժողովը, որուն կը նախագահէր առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան, իսկ ատենապետի պարտականութիւնը կը կատարէր Սիէթըլի Ս. Յարութիւն Հայց. եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Եղիա քհնյ. Իսայեան:
Ժողովին կը մասնակցէին հետեւեալ հոգեւոր հովիւները. Փորթլընտի Ս. Գէորգ եկեղեցիէն՝ Երեմիա քհնյ. Խաչատրեան, Սանթա Գլարա հովիտի, Քուփըրթինոյի Ս. Անդրէաս եկեղեցիէն՝ Տաթեւ քհնյ. Յարութիւնեան, Օքլընտի Ս. Վարդան եկեղեցիէն՝ Յովէլ քհնյ. Օհանեան, Սաքրամենթոյի Ս. Յակոբ եկեղեցիէն՝ Ասողիկ քհնյ. Ժամկոչեան եւ Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Յովհաննէս եկեղեցիէն՝ Մեսրոպ քհնյ. Աշ:
Բացման խօսքով եւ զեկոյցով հանդէս եկաւ առաջնորդը՝ ներկայացնելով թեմէն ներս գործող նոր ծրագիրներն ու միջոցառումները ու հաղորդելով բոլոր ծուխերուն նախանձախնդիր եւ հետեւողական ըլլալու կարեւորութիւնը: Ապա զեկոյցով հանդէս եկաւ Ասողիկ քհնյ. Ժամկոչեան, Ս. Մկրտութեան խորհուրդին վերաբերեալ: Այնուհետեւ, զեկոյց ներկայացուց նաեւ Յովէլ քհնյ. Օհանեան՝ նիւթ ունենալով Ս. Պսակի խորհուրդը եւ երիտասարդ ընտանիքները ճիշդ խորհուրդներով առաջնորդելու անհրաժեշտութիւնը: Զեկոյցով հանդէս եկաւ նաեւ Մեսրոպ քհնյ. Աշ՝ առաջարկելով Հայկական Ցեղասպանութեան 100ամեակին նուիրուած միջոցառումներուն մէջ ներառումը միջեկեղեցական աղօթքներու արարողութիւններուն: Ան ներկայացուց համացանցային «Fellowshipone» ծրագիրը, որ կ՛օգնէ աւելի արդիւնաւէտ դարձնելու հոգեւոր հովիւները:
Վերջին զեկոյցը ներկայացուց Տաթեւ քհնյ. Յարութիւնեանը, որուն նիւթն էր Ծխական խորհուրդի ժողովները եւ զանոնք կատարելու պայմանները:
Ժողովը աւարտեցաւ առաջնորդի գնահատանքի եւ օրհնութեան խօսքով: