ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- Կիրակի, Յունիս 2ին, թեմակալ առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան հովուական այցելութիւն մը շնորհեց Փասատինայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայց. եկեղեցւոյ, ուր Ս. պատարագ մատոյց եւ քարոզեց: Յիշատակելի եւ յուզիչ օր մըն էր ծուխի հոգեւոր հովիւ Սարգիս Ա. քհնյ. Փեթոյեանի, անոր ընտանիքին, ազգականներուն, բարեկամներուն եւ ծուխի հարիւրաւոր հաւատացեալներուն համար, որոնք ներկայ գնտուեցան պատարագին եւ անոր յաջորդող ճաշկերոյթին՝ ի յարգանս տէր հօր քահանայական ձեռնադրութեան եւ օծման 15րդ տարեդարձին:
Տէր Սարգիսի նուիրեալ ծառայութեան ակնարկելով՝ սրբազանը շեշտեց անոր տածած սէրն ու հոգածութիւնը, որոնցմով կը ծառայէ Քրիստոսի բանաւոր հօտին: Սրբազանը անդրադարձաւ Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Յովհաննէս Հայց. եկեղեցւոյ եւ համայնքին մատուցած տէր հօր անձնուէր ծառայութիւններուն եւ իր գոհունակութիւնը յայտնեց, որ իբրեւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ ան այս ծուխէն ներս եւս արձանագրած է նորանոր յաջողութիւններ եւ իրագործումներ:
Ճաշկերոյթի ընթացքին, սրբազանը յայտարարեց, թէ ծուխին երկարամեայ ծառայութիւն մատուցող Մարկրիթ Ղուկասեանը պիտի պարգեւատրուի «Արքեպիսկոպոսի մրցանակ»ով: Մեծարեալը եւ Կիրակնօրեայի անձնակազմը ամիսներ շարունակ պատրաստած էին աշակերտները, որոնք ներդաշնակութեամբ իրենց բաժինը բերին պատարագի ընթացքին դպրաց դասի երգեցողութեան:
Աւարտին սրբազան հայրը յատկապէս անդրադարձաւ երէցկին Թալին Փեթոյեանի մատուցած երկարամեայ ծառայութեանց, որպէս անդամ Քրիստոնէական դաստիարակութեան խորհուրդին եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ տիկնանց միութեան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.