
Ինչպէս նախապէս տեղեակ պահած էինք մեր ժողովուրդի զաւակները, Պիքֆայայի վանքին մէջ երկու կարեւոր շինարարական ծրագիրներ ընթացքի մէջ են. առաջինը նահատակաց ու վերածննդեան իւշարձանի շրջապատի ընդլայնումն է, որ կը ներառէ նահատակաց խորանի շինութիւն եւ ցեղասպանութեան ու վերածննդեան առնչուած այլ ծրագիրներ: Երկրորդ շինութիւնը միաբանական նոր շէնքն է, որ շուտով պիտի հասնի իր աւարտին:
ԱՆԹԻԼԻԱՍ