
ԹԻՖԼԻՍ, «Ռադիօլուր».- Չորեքշաբթի, Յունիս 5ին Վրաստանի վարչապետի ֆոնտի ներկայացուցիչները այցելած են Թիֆլիսի Պետրոս Ադամեանի անուան թատրոն՝ շէնքի վիճակին ծանօթանալու նպատակով:
Թատրոնի տնօրէն Արմէն Բայանդուրեան «Ռադիօլուր»ին փոխանցած է, որ վարչապետը ինչպէս խոստացած էր, յանձնարարած է զբաղուիլ թատրոնի շէնքի վերանորգումը սկսելու ախատանքներով:
Թիֆլիսի Պետրոս Ադամեանի անուան հայկական պետական թատրոնը երկար ժամանակէ ի վեր կիսաքանդ վիճակի մէջ կը գտնուի:
Ներկայիս թատրոնէն ներս ներկայացումներ տեղի չեն ունենար, սակայն դերասանները հանդէս կու գան մայրաքաղաքի եւ Վրաստանի այլ շրջանններու թատրոններու մէջ:
Նշենք, որ Թիֆլիսի Պ. Ադամեանի անուան թատրոնը 157 տարուան պատմութիւն ունի եւ միակ պետական թատրոնն է, որ կը գործէ Հայաստանի սահմաններէն դուրս: