ՇԸՐՄԸՆ ՕՔՍ.- Մերտինեան վարժարանի 7րդ եւ 8րդ դասարանի աշակերտները, ընկերակցութեամբ տնօրէնուհի Լինա Արսլանեանի ու Անգլերէնի ու ընկերային ուսմանց բաժանմունքի պատասխանատու Սոնա Քասարճեանի, ինչպէս նաեւ 7 ծնողներու, առիթը ունեցան այցելելու մայրաքաղաք Ուաշինկթըն, Ֆիլատելֆիա եւ Նիւ Եորք, աւելի մօտէն ծանօթանալով Միացեալ Նահանգներու պատմութեան: Անոնք այցելեցին պետական շէնքեր, թանգարաններ եւ պատմական այլ կոթողներ՝ հարստացնելով վարժարանէն ներս իրենց ստացած դաստիարակութիւնը:
Աշակերտները այցելեցին Ազգային արխիւներու եւ Քոնկրեսի շէնքերը, Սպիտակ տունը, նաեւ Լինքըլնի, Ուաշինկթընի, Ռուզվելթի, Քորէական, Վիեթնամի ու համաշխարհային Բ. պատերազմներու եւ «Իուօ Ճիմա»ի յուշարձանները, «Սմիթսոնիընզ»ի քանի մը թանգարանները, Ամերիկայի Հայ Դատի գրասենեակը, Հայաստանի դեսպանատունը, ինչպէս նաեւ՝ «Թայմզ» հրապարակը, «Էմփայրը Սթէյթ» շէնքը, Ազատութեան արձանը, Էլիս Կղզին, Սեպտեմբեր 11ի ահաբեկչական յարձակումներու վայրը, Մաունթ Վըրնըն, Ազատութեան զանգակը, Անկախութեան սրահը եւ Հայկական Ցեղասպանութեան յուշարձանին համար յատկացուած վայրը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.